Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (9 Հոկտեմբեր 1967)

October 9, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Ճիշդ Խօսինք Ու Պարզ Խօսինք

Երկուշաբթի կը վերաբացուին մեր բոլոր վարժարանները:

Վերամուտի քաղցրութիւն մը կայ օդին մէջ, բայց նաեւ բազմաթիւ խնդիրներ` մեր մտքին:

Խնդիրներ` հերթական, պարագայական, հիմնական, բոլորն ալ` լուծումի սպասող:

Ամէնէն դժուարը մեր ազգային տոհմիկ դաստիարակութիւնը օրուան, երկրին պահանջներուն, պայմաններուն պատշաճեցնելու հարցն է, որուն համար այնքան շունչ կը վատնուի, այնքան ժողովներ կը գումարուին:

Պատշաճեցումի այս գործը յեղակարծ որոշումներով կարելի չէ իրականացնել: Փորձառութիւն պէտք է, ժամանակ պէտք է, որպէսզի սխալներ դարմանուին, թերութիւններ սրբագրուին` յարմարագոյնին ձգտելու մտահոգութեամբ մը, որուն ապրումը կ՛ուզենք տեսնել, կը տեսնենք կրթական մեր գործին պատասխանատուներուն մօտ:

Պէտք է յստակ ըլլայ, որ հրաշք-լուծումներ չկան: Մեր միջոցներն ալ լայն չեն: Հնարաւորութիւնները սահմանափակ, բայց բարեացակամութիւնը` անպակաս:

Ատիկա բաւական չէ սակայն: Կրթական գործը այն մարզն է, ուր նուազագոյն անխոհեմ քայլը կրնայ աննախատեսելի հետեւանքներ ունենալ: Այս մասին բաւական փորձառութիւն պէտք է ձեռք բերած ըլլան արդէն պատասխանատուները, որոնք ներկայիս կը զգուշանան հապճեպ կարգադրութիւններէ, արհեստական կացութիւններէ:

Ըսինք արդէն, որ մեր միջոցները լայն չեն: Ուստի անհնարինը չէ մեր պահանջը: Նուազագոյնն է: Ու այդ նուազագոյնը կարելի է: Հայ տղան ու աղջիկը երբեք պէտք չէ զրկուին ազգային տոհմիկ դաստիարակութենէ: Ասիկա նախապայման է: Պետական վկայականներու թեկնածու հասցնելը նախապայման ըլլալով հանդերձ, երբեք պէտք չէ մոռցուի մեր վարժարաններուն գոյութեան սկզբնական պայմանը, որ սակարկելի չէ, զիջումներու չի դիմանար, անհոգութիւններու եւ անտեսումներու չի տոկար:

Այսպէս կը մտածեն կրթական կեանքի պատասխանատուները: Այսպէս կը մտածեն մեր մարմինները: Բոլո՛րը: Բայց կը տեսնենք, որ մտածումը չ՛արտայայտուիր դրական միջոցառումներով: Բան մը կը կաղայ տեղ մը, եւ օրէ օր տեղատուութիւնը քիչ մը աւելի զգալի է, միջավայրի պայմաններուն եւ պարտադրանքներուն անձնատուր ըլլալու կրաւորականութիւն մը աւեր կը գործէ բոլոր մակարդակներու վրայ:

Միւս խնդիրները զանցառելի չեն: Վերջին տասնամեակին, դպրոցաշինութեան գործը մեծ զարկ ստացաւ: Բայց նոյնը կարելի չէ ըսել նորաշէն այդ վարժարաններուն «կահաւորման» մասին: Անոնց բովանդակութեան մասին: Մակարդակին մասին: Հին բարքեր ու հին մեղքեր տակաւին կը շարունակեն տիրական մնալ, անշուշտ` նուազ չափով, բայց` վհատեցուցիչ դանդաղութիւն մը տալով զարգացման հոլովոյթին:

Առաջին հերթին` ուսուցիչի պարագան: Չենք ըսեր, որ իտէալ ուսուցիչներ ունինք: Բացառութիւնները յարգելի են ու կոչումով եւ պատրաստութեամբ ասպարէզին նուիրուածներուն համրանքը արհամարհելի թիւ մը չի կազմեր: Բայց բաւական չէ: Ուրիշ գործ մը չկարենալ ընելով` ՈՒՍՈՒՑՉՈՒԹԵԱՄԲ ԳՈՀԱՑՈՂՆԵՐՈՒ ԲԱՆԱԿ ՄԸ ԿԱՅ ՏԱԿԱՒԻՆ, առաջին իսկ յարմար պատեհութեան վարժարանէն ու ուսուցչական ասպարէզէն ընդմիշտ հեռանալու տրամադիր երիտասարդներու ստուար թիւ մը, որուն համար դասարանը սպասման տաժանելի սենեակ մըն է միայն…

Այդպիսիները որքան քիչնան, այնքա՛ն լաւ: Բայց որպէսզի քիչնան, պայման է, որ ուսուցչական ասպարէզը հրապուրիչ դարձնենք միւսներուն` արժէքաւորներուն: Հրապուրիչ դարձնենք նախ նիւթապէս: Հոգեկանը ԵՏՔԸ կու գայ: Չունենանք կեղծիքը մտածելու, թէ ինչ որ ճիշդ է մեզի համար, ճիշդ չէ ուսուցիչին համար: Այսինքն` կեանքի վայելքէն նուազագոյն չափով օգտուելու կարելիութիւն մը, որմէ դժբախտաբար զրկուած է մեր ուսուցիչներուն ստուար զանգուածը: Մինչ ուրիշներ, որոնք օտար վարժարաններու մէջ պաշտօնավարելու համապատասխան վկայականը ունին, հազիւ ծայրը ծայրին կը բերեն հեւ ի հեւ վազքով մը, որմէ վերջին հաշուով թէ՛ իրենք կը տուժեն, թէ՛ իրենց աշակերտները:

Ո՞վ, ո՞ր մարմինը, ո՞ր պատասխանատուն կրնայ կարծել, թէ այս բոլորը վերամուտի առիթով աւուր պատշաճի խօսքեր են: Պարտականութիւն մը կատարած ըլլալու տրամադրութիւն չունինք: Ոչ ալ տուրք կու տանք ընկալեալ սովորութիւններու:

Կրթական գործը ամէնօրեայ օրակարգ է մեզի համար: Նոյնն է նաեւ այլ ժողովուրդներու պարագային: Այն միակ տարբերութեամբ, որ մենք անոնց միջոցները չունինք: Անոնց պայմաններէն զուրկ ենք: Հետեւաբար աւելի՛ պիտի յոգնինք, աւելի՛ պիտի տանք` գիտակցաբար, զոհողութեան այն ոգիով, որ հայութեանն է, մանաւանդ այնպիսի նուիրական գործի մը համար, որ ջիղերու ամէնօրեայ լարում կը պահանջէ:

Այս մէկը պարզ պէտք է ըլլայ:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հայկական Մասնակցութիւն` Գոհարեղէններու Վիչենզաօրոյի Ցուցահանդէսին

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.