Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ 2017-ի պետական ամավարկը այս ամսուան ընթացքին պիտի վաւերացուի` յոյս յայտնելով, որ այդ վաւերացումէն ետք խորհրդարանը օրէնսդրական այլ նիստերու ընթացքին կը վաւերացնէ նաեւ նաւթի վերաբերող օրինագիծերը:
Միւս կողմէ, վստահելի աղբիւրներ հաղորդեցին, որ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերիի հետ նախապէս Մսայլեհի մէջ Պըրրիի ունեցած հանդիպումին ընթացքին «Էմ. Քա.» տիպի իսրայէլեան հետախուզական օդանաւերը անդադար թռիչքներ գործած են հարաւի վերեւ:
Պըրրի հաստատեց, որ այդ օդանաւերը միշտ կը խզեն Լիբանանի օդային սահմանները, այլ խօսքով` ոտնձգութիւններ կը գործեն լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ:
Այս շրջագիծին մէջ Պըրրի ընդգծեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը պէտք է հսկեն Իսրայէլին, որ միշտ կը խախտէ միջազգային բանաձեւերու գործադրութիւնը, եւ ոչ թէ Լիբանանը:



