Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ այցելեց Զահլէ, ուր դիմաւորուեցաւ յոյն կաթողիկէ համայնքի Պեքաայի եւ Զահլէի առաջնորդ Իսամ Եուհաննա Տարուիշ եպիսկոպոսին կողմէ:
Զահլէի յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդարանին մուտքին Իպրահիմ արժանացաւ պաշտօնական եւ ժողովրդային ջերմ դիմաւորումի:
Ներկայութեամբ քաղաքական անձնաւորութիւններու, Տարուիշ եպիսկոպոս ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ Ապպաս Իպրահիմի:
Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը քաղաքական բոլոր ուժերէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին` աւելցնելով, որ ինք կը գտնուի իր գիւղաքաղաքին` Զահլէի մէջ:
«Զահլէ պիտի մնայ բազմազանութիւնը եւ ազգային համերաշխութիւնը մարմնաւորող քաղաքը: Ան Պեքաայի մայրն է, կրօնի քաղաքը, որ իր ձեռքերը պարզած է ոչ թէ ներելու բոլորը, այլ գրկելու բոլորը», ըսաւ ան:
Ապպաս Իպրահիմ հաստատեց, որ Հալէպի մէջ առեւանգուած եպիսկոպոսներուն թղթածրարը տակաւին հետապնդումի ընթացքին մէջ է:



