Եւրոպայի ցամաքամասին մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Դ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը կատարեց իր նախավերջին մրցումը, որուն ընթացքին Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ Լեհաստանէն կրեց 6-1 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը:
Այսպիսով, հայրենի կազմը այս մրցաշարքին գծով իր սեփական դաշտին վրայ կատարեց իր վերջին մրցումը:
Լեհերը, բաւական ինքնավստահ սկսելով մրցումը, իրերայաջորդ կոլերու շնորհիւ Ա. կիսախաղին երեք անգամ ցնցեցին Գրիգոր Մելիքսէթեանի բերդին ուռկանը: Այդ երեք կոլերէն ետք Հայաստան նշանակեց իր միակ կոլը` շնորհիւ Յովհաննէս Համբարձումեանի (39-րդ): Մակեդոնական Վարտարին մաս կազմող Համբարձումեան այս կոլին փոխանցումը ստացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանէն:
Պայէրն Միւնիխի յառաջապահ Ռոպերթ Լեվանտովսքի հեթրիքի հեղինակ դարձաւ (18-րդ, 25-րդ եւ 64-րդ), մինչ մէկական կոլ նշանակեցին Քամիլ Կրոսիքի (2-րդ), Եագուպ Պլասզիքովսքի (58-րդ) եւ Ռաֆալ Վոլսքի (89-րդ)` հինգ հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Նշենք, որ Լեհաստան, նախքան իր այս յաղթանակը արձանագրելը, երբեք չէր կրցած յաղթանակ արձանագրել Երեւանի մէջ:
Մինչ Հայաստան կրեց մրցաշարքի իր 7-րդ պարտութիւնը, անդին Լեհաստան արձանագրելով իր 7-րդ յաղթանակը, ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը: Պէտք է ըսել, որ Լեհաստան գրեթէ ապահովեց Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք աւարտականներու իր տոմսը:
Երէկուան այս մրցումին, հաւաքականի մարզիչ Արթուր Պետրոսեան դաշտ ներկայացուց հետեւեալ կազմը.
Գրիգոր Մելիքսէթեան, Կամօ Յովհաննիսեան, Յովհաննէս Համբարձումեան, Տարօն Ոսկանեան, Արտակ Եդիգարեան, Գոռ Մալաքեան, Հենրիխ Մխիթարեան, Սարգիս Ադամեան (Դաւիթ Մանոյեան, 73-րդ), Գեղամ Կադիմեան (Էտկար Մալաքեան, 62-րդ), Ռուսլան Քորեան (Էտկար Մանուչարեան, 66-րդ) եւ Տիգրան Բարսեղեան:
Հայաստան զտումի իր վերջին մրցումը կը կատարէ 8 հոկտեմբերին` հիւրը ըլլալով Ղազախստանին:



