Ինչպէս ծանօթ է, երկուշաբթի, 2 հոկտեմբերին, լիբանանեան ֆութպոլի պատմութիւնը ապրեցաւ իր սեւ օրերէն մէկը, երբ Նըժմէ – Անսար պէյրութեան տերպիէն ետք արձանագրուեցան խուլիկանութեան եւ անկարգութեան դէպքեր` Նըժմէի ֆութպոլի համակիրներուն կողմէ, որոնց կազմը կրեց 5-1 արդիւնքով անսպասելի պարտութիւն մը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Անսար պէյրութեան այս տերպիին արձանագրեց պատմական իրագործում մը:
Այս մրցումէն քանի մը օրեր ետք Նըժմէի մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստիւ քննադատեց այդ վայրագ արարքներն ու խռովութիւնները, որոնք երբեք ցոյց չեն տար ակումբին իսկական դիմագիծը:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Նըժմէ ակումբը Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ու ներքին ապահովութեան ուժերուն կը զօրակցի եւ կը կանգնի անոնց կողքին` նախ գտնելու համար յանցագործները եւ երկրորդ յաւելեալ ճիգ եւ աշխատանք տանելու համար, որպէսզի յառաջիկային նմանօրինակ արարքներուն առաջքը առնուի:
«Մենք անոնց հետ միասնաբար ձեռք-ձեռքի տալով մեր ամէն կարելին պիտի ընենք` բացայայտելու համար իրականութիւնը եւ գտնելու համար այն անձերը կամ խմբակները, որոնք հրահրեցին խումբին համակիրները այդպիսի քայլերու դիմելու», ընդգծուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Հաղորդագրութեան վերջին բաժինին մէջ նշուեցաւ, որ տեղի ունեցած խուլիկանութիւնները չեն արտացոլացներ ակումբին իսկական պատկերը: «Ակումբին սիրելի համակիրները, ինչպէս միշտ, այս փուլին եւս պիտի կանգնին խումբին կողքին, որովհետեւ տարեշրջանը նոր սկսած է, եւ խումբէն մեր բոլորին ակնկալութիւնները շատ մեծ են», շեշտեց Նըժմէ ակումբը:


