Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Կարապետեան. «Հայկական Գիւղ» Ազգագրական Թաղամասը Կրնայ Դառնալ Հայաստանի Այցեքարտը»

October 6, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեան ընդունած է Երեւանի մէջ «Հայկական գիւղ» ազգագրական թաղամասի կառուցապատման մրցումին յայտ ներկայացուցած միջազգային չորս ընկերութիւններու ներկայացուցիչները: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են թաղամասին կառուցապատման առնչուող շարք մը հարցեր, անդրադարձ կատարուած է ներդրումային ծրագիրի մանրամասնութիւններուն եւ տեսլականին: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի  կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Նշուած է, որ ընկերութիւններու ներկայացուցիչները արդէն իսկ ծրագիրը մանրամասն քննարկած են Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան, Հայաստանի զարգացման հիմնադրամին հետ, շրջած Հայաստանի տարբեր զբօսաշրջային վայրերու մէջ, ծանօթացած հայկական մշակոյթին ու աւանդութիւններուն:

Վարչապետ Կարապետեան յայտնած է, որ «Հայկական գիւղ»-ը պիտի ըլլայ տնտեսապէս գրաւիչ յաջող գործարարական ծրագիր եւ աւելցուցած, որ կառավարութիւնը պատրաստ է ծրագիրին հետ կապուած ընկերութիւններուն ներկայացուցած բոլոր առաջարկները քննարկելու: «Անիկա Հայաստանի զբօսաշրջութեան մարզ պիտի բերէ նոր փոփոխութիւններ: Երեւան հասնողին պիտի կարենանք համապարփակօրէն ներկայացնել հայկական աշխարհը, ներառեալ` սփիւռքը, մեր պատմութիւնը, միջավայրը` ըստ շրջաններու եւ քաղաքներու: Թաղամասը կրնայ դառնալ Հայաստանի այցեքարտը եւ իր լայն ենթակառուցուածքներով պիտի համապատասխանէ զբօսաշրջիկներու սպասելիքներուն», ըսած է կառավարութեան ղեկավարը` աւելցնելով, որ ծրագիրին շուրջ աշխուժ քննարկումներ կ՛ընթանան ներդրողներուն հետ:

Կ՛ակնկալուի թաղամասի կառուցապատման մրցումը ամփոփել նոյեմբեր 2017-ի սկիզբը: Ծրագիրով, որ կը գնահատուի 100-150 միլիոն տոլար, կը նախատեսուի ստեղծել Հայաստանի տարբեր շրջաններու քաղաքային եւ գիւղական բնակավայրերու ազգային աւանդութիւններուն ու պատմականօրէն ձեւաւորուած ճարտարապետական դիմագիծին բնորոշ ազգագրական թաղամաս` բնակելի տուներով, հիւրանոցներով (հիւրատուներով), ինչպէս նաեւ նկարչութիւնն ու ազգային արհեստները (գորգագործութիւն, դարբնագործութիւն, կաւագործութիւն, յուշանուէրներու պատրաստում) ներկայացնող ցուցասրահներով: Կը նախատեսուի, որ թաղամասը ունենայ շարժանկար-թատերասրահ, այգի, համերգասրահ, թարմ տեղական արտադրանք  առաջարկող բացօթեայ շուկայ եւ այլ ենթակառուցուածքներ:

 

 

Նախորդը

Թուրքիա Արցախ Չայցելելու Կոչ Կ՛ուղղէ

Յաջորդը

Նախարար Վիգէն Սարգսեան Ընդունած Է Եւրոպական Միութեան Ներկայացուցիչները

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.