Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութեան` Եւրասիական տնտեսական միութենէն (ԵՏՄ) Հայաստանի դուրս գալու հարցին շուրջ քննարկման ժամանակ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անունով ելոյթ ունեցաւ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան: Ռուստամեանի կարծիքով` այն, ինչ որ «Ելք»-ը կ’առաջարկէ, այլ բան չէ, եթէ ոչ այն, որ Հայաստանը պէտք է կատարէ ռազմավարական նշանակութեան շրջադարձ:
«Ասիկա կը կատարուի փաստաթուղթով մը, որ շատ թերի է, որովհետեւ եթէ մենք շրջադարձի մասին կը խօսինք, իսկ ասիկա փաստացի շրջադարձ է, պէտք է համոզուինք, որ ատիկա կենսական անհրաժեշտութիւն է: Պէտք է անվտանգութեան չափանիշով նայինք, որուն թիւ մէկ անհրաժեշտութիւնը այսօր ունի Հայաստանը», յայտարարեց Ռուստամեան:
Պատգամաւորին համաձայն, անվտանգութիւնը ունի բոլոր բաղադրիչները` թէ՛ տնտեսական, թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ միւս առումներով: «Այստեղ չըսուիր` եթէ մենք կտրենք այդ թելը, ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր տնտեսութիւնը, չկայ այդպիսի վերլուծութիւն», ըսաւ ան:
Ռուստամեան նաեւ ընդգծեց, որ կը բացակայի ռազմական բաղադրիչը: «Եթէ զինուորական- արհեստագիտական աջակցութեան հաշուեկշիռը ներկայացուի` Հայաստանը ստացած է այս տարածքէն այսքան, այն տարածքէն գրեթէ 0, իսկ մենք կտրենք այդ թելը, ինչպէ՞ս պիտի լուծենք այդ դատարկ սիւնակը: Ասիկա գլխաւոր հարցերէն է, այսինքն` անվտանգութեան իմաստով որեւէ հիմնաւորում գոյութիւն չունի», շեշտեց պատգամաւորը:
Ռուստամեանի խօսքով` այս նախագիծին ՀՅԴ-ն դէմ պիտի քուէարկէ: «Մենք դէմ ենք եւ պիտի մերժենք: Նախ` ժամանակաւոր յանձնախումբի ստեղծման համար ժամանակը սխալ ընտրուած է: Եւրոպական Միութիւնը ինքն իր վերաբերմունքը փոխած է` «կա՛մ, կա՛մ»-էն հրաժարած է եւ անցած «ե՛ւ, ե՛ւ»,-ի, եւ մենք հիմա արհեստական ձեւով կը սրենք «կա՛մ, կա՛մ»-ի հարցը ու կը զարմանանք, թէ ինչո՛ւ իշխանութիւնները անոր չեն համաձայնիր», ըսաւ Ռուստամեան:


