Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԳԱՐՈՒՆԸ ՑՈՒՐՏ ՁՄԵՌ ԿԸ ՍՊԱՍԷ…

November 1, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Լիպիոյ ժամանակակից պատմութեան համար բռնապետ  Մուամար Քազզաֆիի արիւնալի աւարտը քարոզչական մեքենաներու բաւական նիւթ դարձաւ, եւ քիչ մը ամէն տեղ բռնապետերը սկսան հաշիւ ընել, որ ամէն բան իր վերջը պիտի ունենայ ուշ կամ կանուխ:

Քազզաֆիին անհանդուրժելիութիւնը գլխաւորաբար անոր «մեծամիտ փիլիսոփայ» ըլլալու մէջ էր: Լիպիոյ ժողովուրդը 42 տարի սպասեց, որպէսզի կարենայ տապալել իր բռնապետ ղեկավարը: Այսօր նոր օր մըն է այլեւս, Լիպիոյ ժողովուրդը իր անկախութիւնը ձեռք ձգեց օտար ուժերու օժանդակութեամբ: Պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ իւրաքանչիւր յեղափոխութիւն, եթէ օժանդակող կամ հովանաւորող կողմ ունի, անպայման որ հետագային, ատոր գինը վճարած է: Օպաման կոչ ըրաւ, որ շատ արագ բաց, հանդուրժող եւ ժողովրդավար Լիպիոյ աշխատանքին սկսին: Փաստը, սակայն, բացայայտ է, որ ո՛չ Թունուզի եւ ո՛չ ալ Եգիպտոսի մէջ յեղափոխականներ կամ ընդդիմադիրները բարի պտուղներ են: Երեսուն-քառասուն տարի բռնապետութեան մէջ հասակ առած սերունդները մէկ օրէն միւսը չէ, որ ժողովրդավար կը դառնան: Աւելի՛ն. միշտ վախ պէտք է ունենալ, որ աւելի ծայրայեղները կրնան գալ: Ամերիկեան քաղաքականութեան պտուղը շուտով չենք քաղեր, ընդհանրապէս ժամանակը ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ արդիւնքներու կը հասնինք: Ես անձնապէս մեծ յոյսեր չեմ կապեր այս յեղափոխութիւններուն վրայ, որովհետեւ շինծու եւ մատակարարուած յեղափոխութիւններ են: Անկախ ըլլալու փոխարէն` ենթակայ կ՛ըլլան:

Քազզաֆիի նման բռնապետերը ուրիշ վախճան չէին կրնար ունենալ, քանի որ ան բազմիցս յայտարարած էր, որ ինք իր երկրին համար պատրաստ էր նահատակուելու: Խօսքը գործի վերածեց, եւ կոյուղիի մէջէն գտնուած երկրի ղեկավարը անյայտ փամփուշտով մը պատմութեան սեւ էջերուն միացաւ: Օտար ուժերու օժանդակութեամբ ձեռք բերուած անկախութիւնները շատ ջուր կը վերցնեն: Արդէն` ՄԱԿ-ի տուեալները ցոյց կու տան, որ Լիպիոյ սահմանամերձ երկիրներու ընդդիմութիւնները Քազզաֆիի 20.000 հրթիռներով մատակարարուած են, այս մէկը` որքան որ տեղեակ  են, նոյնքան ալ չգիտցուածը կայ:

Արաբական գարունը միայն Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի ուժերուն գարուն եղաւ, իսկ տուեալ երկիրները երկար եւ ցուրտ ձմեռներ պիտի անցընեն:

 


Նախորդը

ԹԱՈՒԱՔՈՒԼ ՔԱՐՄԱՆ. «ԵՄԷՆԻ ՆՈՐ ԴԷՄՔԸ»

Յաջորդը

ԳԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՅԱՅՏՆՈՒԱԾ ԸՆՏԱՆԻՔՆ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԻՔ ՈՒՆԻ

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը

December 19, 2023
Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն

December 15, 2023
Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր

November 28, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.