Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, թէ իր երկիրը այլեւս Եւրոպական միութեան անդամակցութեան կարիքը չունի, սակայն հոլովոյթին վերջ դնող կողմը իրենք պիտի չըլլան: «Արմէնփրես» թրքական «Տիքեն» կայքը վկայակոչելով կը հաղորդէ, որ այս մասին Էրտողան յայտարարած է օրէնսդրական տարուան սկիզբին առիթով Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ արտասանած խօսքին մէջ:
«Մեզի ամէնէն շատ հիասթափեցուցած երկիրներու շարքը կը գլխաւորեն Եւրոպական Միութեան երկիրները: Այս Եւրոպան վերածուած է վայրի մը, ուր ահաբեկիչները ազատօրէն կը շրջին փողոցները, Թուրքիոյ օրինական իշխանութիւններուն դէմ ամէն տեսակ միջոցառումներ կը կազմակերպեն», յայտարարած է Էրտողան:
Թուրքիոյ նախագահը նշած է, թէ Եւրոպական Միութիւնը սխալ հասկցած է 1959-էն ի վեր Թուրքիոյ ցուցաբերած համբերութիւնը: «Կ՛ուզեմ բացայայտօրէն ըսել հետեւեալը. հոլովոյթը աւարտողը, ատկէ հրաժարողը մենք պիտի չըլլանք: Բայց եւ այնպէս, մենք արդէն չունինք Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան կարիքը», ըսած է ան:
«Տէօչէ Վելլէ»-ի փոխանցումով, Էրտողան այն կարծիքը յայտնած է, որ Եւրոպական Միութիւնը «չէ արդարացուցած Անգարայի յոյսերը» ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ եւ ակնարկած, որ Եւրոպական Միութիւնը նախկինին պէս Թուրքիոյ կարիքը ունի:
«Եթէ Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուզէ յառաջ ընթանալ, ապա ատոր համար միայն մէկ ճամբայ կայ` անդամակցութիւն տալ Թուրքիոյ եւ մշակութային ու տնտեսական աճի համար գործողութիւններ սկսիլ», ըսած է Էրտողան:



