Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ Սեւ Ցուցակի Բաղադրութիւնը Շեշտակի Կ՛երանգաւորուի

October 3, 2017
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Օտարերկրացի դէմքերու Արցախ այցելութիւններէն  մինչ այժմ ամէնէն հզօր հարուածը Պաքուին` Թուրքիոյ քաղաքացի մտաւորականներու ներկայութիւնն էր Ստեփանակերտ:

Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով Արցախ այցելած գրող Սայիթ Չեթինօղլուի, քաղաքական գործիչ Ուֆուք Ուրասի, լրագրողներ Ալի Պայրամօղլուի եւ Էրոլ Քաթըրճըօղլուի քայլը «դաւաճանութիւն է ո՛չ միայն եղբայրական Ազրպէյճանի, այլեւ Թուրքիոյ նկատմամբ»: Նման յայտարարութիւն կատարած է Ազրպէյճանի խորհրդարանի պատգամաւոր Այտըն Հուսէյնով:

Հուսէյնով ցանկութիւն յայտնած է, որ թուրք մտաւորականները արտայանձնեն Պաքուին. «Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը եղբայրական պետութիւններ են: Վստահ եմ` շուտով անոնք կ՛արտայանձնուին»:

Այս մտածողութիւնը  կը խօսի այն մասին, որ խորհրդարանական մակարդակով արդէն խնդրոյ առարկայ կը դառնան թուրք-ազրպէյճանական յարաբերութիւնները: Թէ` «վստահ եմ շուտով կ՛արտայանձնուին Ազրպէյճանին» յայտարարութիւնը եւ անոր յաջորդած միտքը, թէ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը եղբայրական պետութիւններ են, կը նշանակէ, որ  արտայանձնումը չիրականանալու պարագային կրնան վտանգուիլ Անգարայի եւ Պաքուի յարաբերութիւնները:

Մինչ այժմ պաշտօնական Անգարայի կողմէ որեւէ համարժէք արձագանգ չկայ. Թուրքիոյ Ազգայնական շարժումի կուսակցութեան երեսփոխաններէն Աթիլլա Քայանը եւս դատապարտած է  թուրք մտաւորականներու այցելութիւնը Արցախ եւ զանոնք անուանած ծպտեալ հայեր: Ըստ անոր, անոնք դաւաճանած են Թուրքիոյ` Արցախի մէջ կատարելով հայամէտ յայտարարութիւններ, որոնք կ՛աջակցին  «Ազրպէյճանի 20 տոկոսը գրաւած Հայաստանին»: Եթէ մանրադիտակով  քննենք այս մէջբերումը, կ՛եզրակացնենք, որ այցելութիւնը պարզապէս դատապարտելի է, մինչ դաւաճանութիւնը այնտեղ յայտարարութիւն կատարելն է:

Պաշտօնական առումով Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազութիւնը «Ազրպէյճանի պետական սահմանը անօրինական կերպով հատելու» մեղադրանքով հետաքննութեան սկսած է  22 սեպտեմբերին ճանաչողական նպատակով Արցախ այցելած 4 թուրք հասարակական-քաղաքական եւ մշակութային գործիչներու նկատմամբ: Ի հարկէ Ազրպէյճանի դատախազութիւնը չէր կրնար ինքնուրոյն շարժիլ. այս քայլը բնականաբար թելադրուած է վերեւներէն, ուղղակի Ալիեւ ընտանիքէն:  Ատոր համար ալ տակաւին  նոյն մակարդակով արձագանգ չէ հնչած գործընկեր Անգարայէն:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Հիքմեթ Հաճիեւ յայտնած է , որ «ասիկա որոշ թուրք քաղաքացիներու անձնական սադրիչ գործողութիւնն էր` Թուրքիոյ հայկական լոպիին հովանաւորութեամբ, եւ անոնք բոլորը արդէն մտած են արտաքին գործոց նախարարութեան «սեւ ցուցակ»-ին մէջ: Իսկ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն  յայտնած են, որ թուրք քաղաքացիներու Արցախ այցելութեան կապակցութեամբ արդէն քննութիւնը սկսած է:

Թէ՛ ընդհանուր դատախազութեան եւ թէ՛ արտաքին գործոց նախարարութեան մակարդակներով ուրեմն թրքական հարթութեան վրայ համարժէք արձագանգներ չեն հնչած:

Այս իրադարձութիւնները կ՛արձանագրուին ուղիղ Լափշինի նկատմամբ շնորհուած ներումէն ետք: Ինչ որ նաեւ կը խօսի այն փաստին մասին, որ արտայանձնումները, հետախուզում յայտարարելը, նոյնիսկ իբրեւ պատժամիջոց կալանքը իրենց ազդեցութիւնը չեն կրնար ունենալ Արցախ այցելութիւններու հոսքին վրայ: «Սեւ ցուցակ»-ի իմաստազրկումը հեղինակազրկումն է Պաքուին:

Այս նախադէպը կրնայ դուռ բանալ Թուրքիոյ այլ քաղաքացիներու այցելութիւններուն: Թուրքիոյ համապատասխան մարմինները նեղ ընտրութիւն կատարելու առջեւ կանգնած են` իրենց քաղաքացիները արտայանձնելու առումով:

Չէ  բացառուած, որ այցելութիւններու բաղադրութիւնը որոշակի փոփոխութեան ենթարկուի եւ Արցախ յայտնուին նաեւ Ազրպէյճանի քաղաքացիներ: «Սեւ ցուցակ»-ը արդէն ներառած է թուրքերը: Գուցէ ներառէ նաեւ ազրպէյճանցիներ:

 «Ա.»

Նախորդը

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. ՀՅԴ Եւրոպայի Եւ Միջին Արեւելքի Մարմիններու Ռայոնական Ժողով

Յաջորդը

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան 2014-2018 Քառամեակի Դ. Լիակազմ Ժողով

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.