Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քրտական Հանրաքուէն Լուրջ Հետեւանքներ Ունեցող Ռազմավարական Սխալ Էր» Կ՛ըսէ Զարիֆ

September 29, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան հանրաքուէի կայացումը ռազմավարական սխալ մըն էր, որ լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այս մասին Նիւ Եորքի մէջ «Ասիական ընկերութիւն» ոչ կառավարական կազմակերպութեան մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ:

«Մենք կը գտնենք, որ ատիկա շատ լուրջ սխալ է», ըսած է ան` աւելցնելով. «Մենք այս կարծիքը ունինք` ըլլալով քիւրտերուն բարեկամները: Մենք ընդմիշտ պիտի մնանք քիւրտերուն բարեկամները, սակայն կը գտնենք, որ ատիկա ռազմավարական լուրջ սխալ էր»:

Զարիֆի կարծիքով` հանրաքուէի կատարումը «պիտի ունենայ հետեւանքներ, որոնք միայն իրաքեան Քիւրտիստանին պիտի չվերաբերին»:

Միւս կողմէ, քրտական «Ռուտաու» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի փոխադրամիջոցներու եւ հաղորդակցութեանց նախարար Մաւլուտ Պաումուրատ յայտնած է, որ ինքնավար մարզի իշխանութիւնները պատրաստ են Պաղտատի հետ բանակցութիւններ վարելու մարզի օդակայաններ հսկիչներ ուղարկելու շուրջ:

Ըստ անոր, «իրաքեան Քիւրտիստանի կառավարութիւնը որոշած է Պաղտատի կեդրոնական իշխանութիւններուն հետ քննարկել Էրպիլ եւ Սուլէյմանիէ քաղաքներու միջազգային օդակայաններ հսկիչներ ուղարկելու հարցը»:

Իրաքի քաղաքացիական թռիչքներու վարչութիւնը արտասահմանեան ընկերութիւններուն տեղեակ պահած էր, «29 սեպտեմբերէն սկսեալ դէպի Էրպիլի եւ Սուլէյմանիէի օդակայաններ բոլոր քաղաքացիական թռիչքներու դադրեցման» մասին:

Թռիչքներու դադրեցման Իրաքի որոշումը արդէն ընդունած են Եգիպտոսի «Էճիփթ Էր» օդանաւային ընկերութիւնը, Լիբանանի «Միտըլ Իսթ Էրլայնզ»-ը, Յորդանանի «Ռոյըլ Ճորտենիըն Էրլայնզ»-ը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու «Ֆլայ Տուպայ»-ը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ «Թըրքիշ Էրլայնզ», «Աթլաս Կլոպըլ» եւ «Փեկասուս» ընկերութիւնները:

«Սփութնիք»-ի թրքական ծառայութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի եւ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են Իրաքի քրտական ինքնավար մարզէն դէպի Թուրքիա քարիւղի մղման շուրջ շարք մը հարցեր:

Կողմերը համաձայնած են, որ քրտական մարզէն քարիւղի մատակարարման կապուած բոլոր գործողութիւնները Անգարան պիտի համակարգէ միայն Պաղտատի հետ եւ ոչ թէ Էրպիլի:

Թուրքիոյ վարչապետը անգամ մը եւս շեշտած է, որ Թուրքիան չ՛ընդունիր քրտական մարզի անկախութեան հանրաքուէի արդիւնքը եւ կը շարունակէ զօրակցիլ Իրաքի տարածքային ամբողջականութեան:

 

 

Նախորդը

Ոստիկաններուն Հրամայուած Է Խանգարել Քուէարկութիւնը. «Եւրոպական Միութիւնը Կ՛անտեսէ Քաթալոնիոյ Եւ Սպանիոյ Յարաբերութիւններու Ճգնաժամը» Կ՛ըսէ Փուչտեմոն

Յաջորդը

Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Պաքուի Մէջ Կարեւոր Նկատեց «Ղարաբաղի Ազատագրումը»

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.