Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց օդը կրակելու երեւոյթի կասեցման յանձնառութեան վերաբերող պատուոյ ուխտի ստորագրութեան արարողութեան, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին տեղական հեղինակութիւնները:
Այս առիթով վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ բոլոր լիբանանցիները` բոլոր շրջաններէն եւ համայնքներէն, ահաբեկչութեան դէմ են: «Անոր պատճառները յստակ են, որովհետեւ ահաբեկչութիւնը կը պատճառէ երեխաներու, երիտասարդներու եւ տարեցներու սպանութիւնը: Ի՞նչ է անոնց յանցանքը, որ կոյր փամփուշտով պիտի սպաննուին», հարց տուաւ Հարիրի:
Ան ընդգծեց, որ կոյր փամփուշտը բոլոր լիբանանցիներուն դէմ ահաբեկչութիւն կը նկատուի, բոլոր շրջաններուն մէջ եւ բոլոր համայնքներուն պարագային:
«Չկայ օր մը, որ նման փորձանք չի պատահիր Լիբանանի մէջ, եւ մենք կատարեալ վճռակամութեամբ կը հաստատենք, որ պիտի պայքարինք այս ահաբեկչութեան եւ ամէն տեսակի ահաբեկչութեան դէմ», շեշտեց Հարիրի:
Ան կոչ ուղղեց բոլորին` պետութիւնն ու դատական իշխանութիւնները տեղեակ պահելու օդը կրակողներուն մասին:
«Ամբողջ աշխարհը կը գովաբանէ Լիբանանը, անոր վայելած ապահովական կայունութեան եւ հրաշքին առիթով, սակայն ի՞նչ օգուտ ունի այդ մէկը, եթէ լիբանանցիները նման անխոհեմ քայլերու եւ կոյր փամփուշտի պատճառով կը սպաննուին», հարց տուաւ ան:
Վարչապետ Հարիրի ընդգծեց, որ քաղաքացիական ընկերութիւնը իր պարտականութիւնը պէտք է կատարէ, դրուատելով, որ լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը հերոսներ են. անոնք գիտեն, թէ ե՛րբ պէտք է զէնք բարձրացնեն` հայրենիքը պաշտպանելու եւ ահաբեկչութեան դէմ յարձակելու: «Իսկ ով որ աջ-ձախ օդը կը կրակէ, ապա տղամարդ չէ», ըսաւ ան:
Հարիրի յայտնեց, որ մինչ աշխարհը համաշխարհային խաղաղութեան օր կը նշէ, Լիբանանի մէջ այս արշաւը կը յայտարարուի:
«Ժամանակն է արդէն վերջ տալու այս երեւոյթին եւ արգիլելու այս ահաբեկչութիւնը, որ ոչ մէկ ձեւով առնչուած է լիբանանցիներուն կրօնական եւ մշակութային սովորութիւններուն», շեշտեց Հարիրի:



