Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (26 Սեպտեմբեր 1967)

September 26, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոթեր Ու Նետեր

Նոր Բարքեր

Ոսկեկին

Քառասուննոց հայրենակից ու կրօնակից մը հայ պառաւի մը պատուիրած էր հայուհի մը գտնել` յանուն ամուսնութեան:

Պառաւին պարապ գրպանին մէջ զետեղած էր գումար մը` նախնական ծախսերու համար, խոստանալով որոշ կոկիկ, կլորիկ վարձատրութիւն մը` հիմենեան յաջողութեան մը պարագային:

Պառաւը երկու շաբաթէն պիտի ներկայանար` հարսնցուներու ցանկով:

Պարտաճանաչ պառաւը պրպտումներ կատարած, պատուաւոր ընտանիքներ պեղած էր, ու գացած էր թեկնածուին մօտ` ներկայացնելու, առժամապէս խօսքով, իր գիւտերը:

– Հատ մը կայ, երեսուննոց է, որ ստեղծուած է տանտիկին ըլլալու համար: Աշխատասէր, մաքրասէր, խնայասէր: Առաջնակարգ խոհարար է: Եփող, թափող, աւլող, լուացող, կարկտող, արդուկող. մէկ հատիկ է: Տունի ու պարտէզի պարիկ է: Եւ կ՛աշխատի…

– Ձգէ, որ ես ամբողջացնեմ: Բայց դրամօժիտ չունի… Այնպէս չէ՞…

– Անանկ է:

– Ատ ըրածները սպասուհի մըն ալ կրնայ ընել: Ուրի՞շ…

– Հատ մըն ալ կայ, որ շիտակը` շատ աղուոր էր, սանկ` հազիւ քսանեօթնոց, շատ ալ կրակոտ է… Մարդ մարդասանք չունի… Հայրենակից մը անգամ չունի… Գետնէն բուսած բան մը, բայց աղուոր բան մը, բայց…

– Հասկցուեցաւ… կրակոտ` բայց չունի կորկոտ… Անցի՛ր… Ուրի՞շ…

– Հատ մըն ալ կայ, որ  ինկիլիզի աղջիկ կը նմանի… Վերէն վար գոյնը ոսկի… Հայ ըլլալը հայ է, բայց ըսածիս պէս` ինկիլիզի կը նմանի, լորտի աղջիկ է կ՛ըսես… Ինկիլիզի կը նմանի բայց, իտալացիի պէս կ՛երգէ, սպանացիի պէս կը պարէ, հոնոլուլուցիի մը պէս ալ կը կը նուագէ եղեր, բայց…

– Բայց ոսկի չունի` հակառակ ոսկեգոյն ըլլալուն… Թո՛ղ Հոլիվուտ երթայ ու ոսկի շահի… Ուրի՞շ…

– Ոսկիներու տէր խեղճ աղջիկ մըն ալ կայ, բայց…

– Ի՞նչ ըսիր, ի՞նչ ըսիր… Ոսկիներու տէրը ինչպէ՞ս խեղճ կ՛ըլլայ…

– Որովհետեւ թէ՛ կուզ է, թէ՛ ալ կաղ է:

– Նոր ֆրանքով միլիոն մը ունի՞ գոնէ…

– Ատկէ աւելին ժառանգած է:

– Կատարեա՜լ: Ահա՛ քու ընելիքներդ հիմա: Տանտիկին աղջիկը ապագայ տունիս խոհարարուհին, սպասուհին ու պարտիզպանը ըրէ: Կրակոտ աղջիկը իմ ապագայ հոմանուհիս ընել յաջողցուր: Իսկ կուզ ու կաղին հետ կը պսակուիմ ու զայն կը վերածեմ թագուհիի:

– Եթէ յաջողիմ դուն երեք անգամ պիտի վարձատրե՞ս զիս…

– Աշխարհի վրայ ո՛չ ոք ինծի պէս լաւ կը վարձատրէ անո՛նք, որոնք ինծի համար կ՛աշխատին: Դուն ըսածներս յաջողցնելուդ նայէ:

– Հապա՞ եթէ տանտիկինը ու կրակոտը չհամաձայնին, դուն կուզը պիտի առնե՞ս… Կուզին ուզածը կարգուիլ է…

– Կը հասկնամ: Կուզը կարգուելու կոչում ունի: Բայց կա՞յ աղջիկ մը, որ այդ կոչումը չունենայ…

– Կուզը պիտի առնե՞ս…

– Հարկա՛ւ պիտի առնեմ: Միւսներուն պէս տանտիկին կամ կրակոտ շատ կը գտնեմ, բայց ոսկիով լեցուն կուզ ո՞ւր պիտի գտնեմ…

– Խօսքը մէջերնիս, քեզի կնիկ պէտք չէ, ոսկի պէտք է:

– Կը սխալիս: Ինծի կնիկ պէտք է, բայց կնիկին տեսակը կայ: Իմ առնելիքս ծանր կնիկ ըլլալու է: Թեթեւները մերժած եմ ու կը մերժեմ: Ծանր, շա՛տ ծանր կնիկ, եւ` հնչուն: Ես լուրջ մարդ եմ:

– Ատ շիտակ ըսիր. լուրջ ես, մանաւանդ` ոսկիին դիմացը:

– Ոսկին մարդուս լրջութիւնը թէ՛ կը բազմացնէ, թէ՛ կը փայլեցնէ:

 

Օր Մեռելոց

Հայաստանեայց եկեղեցին ընդհանրապէս կրօնական մեծ տօներուն հետեւեալ օրը յատկացուցած է մեռելոցի:

Հիմակ, ամէնուրեք, մասնաւորապէս քրիստոնեայ երկիրներու մէջ, կրօնական բոլոր տօներուն յաջորդ օրերը դարձած են օրեր մեռելոցի, որովհետեւ ամէն մէկ տօնական առթիւ, կառք ունեցողները, հանդերձ ընտանեօք, կը խուժեն գաւառները, եւ ճանապարհներուն վրայ տեղի կ՛ունենան բազում արկածներ` հարիւրաւոր մեռեալներով եւ հազարաւոր վիրաւորներով:

Ուրեմն ամէն մէկ տօնի հետեւեալ օրը եղած է օր մեռելոց, իսկ միւս օրերը, յաճախ ամիսներով` եղած են օրեր հիւանդանոցի:

Անցեալները կին մը կնոջ մը կը հարցնէր.

– Արնաւուտեանները, այր ու կին, անցեալ տարի ե՞րբ մեռան…

– Շիտակը չեմ յիշեր, բայց լաւ գիտեմ, որ տօնական օր մըն էր:

– Հարկա՛ւ տօնական օր էր: Հիմակ միայն տօնական օրերու մէջ կը մեռնին: Մեռած ատենին անգամ համեստ չեն: Տօնական օր կ՛ուզեն մեռնելու համար:

– Ըսել է դուն, իբրեւ համեստ հայուհի, պիտի չմեռնի՞ս տօնական օր մը…

– Խենթեցա՞ր… Տօնական օր մը մեռնելու համար քիչ թէ շատ կարողութեան տէր ըլլալու է, այսինքն շքեղ դագաղի պէս կառք մը ունենալու է:

– Քեզի բան մը ըսե՞մ. սա դարուն կառք ունեցողը թէեւ կը մեռնի, բայց կառք չունեցողն ալ մեռած կը սեպուի:

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Փայտէ Հեքիաթին Յայտնութիւնը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.