23 սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանն ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովը` ներկայութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա) եւ Էնտրիւ Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի:
Անկէ ետք համանախագահները հրապարակած են հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշած են: «Խորհրդակցութիւններուն հիմնական նպատակը տագնապի գօտիին մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը քննարկելն էր, բանակցային հոլովոյթի աշխուժացման ուղիներ գտնելը եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպում նախապատրաստելը:
«Կ’ակնկալենք, որ այս հանդիպումը նպաստէ կողմերուն միջեւ վստահութեան աճին, եւ անոնք քաղաքական կամք դրսեւորեն` խնդիրի առանցքային հարցերու փոխզիջումային լուծումներ գտնելու համար: Նախարարները պատրաստակամութիւն յայտնեցին աշխատելու համանախագահներուն հետ` մօտիկ ապագային արդիւնաւէտ հանդիպում կազմակերպելու համար:
«Համանախագահները կը ծրագրեն հոկտեմբերին շրջան այցելել»:
Երկու նախարարներուն հանդիպման նախորդած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նախագահներուն հետ նախարարներու առանձին-առանձին հանդիպումները: Նախարար Նալբանդեանի հետ հանդիպումին ան շնորհաւորած է Միացեալ Նահանգներու նոր համանախագահը` պաշտօնը ստանձնելուն առիթով, ընդգծելով համանախագահութեան կարեւոր առաքելութիւնը ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ հանգուցալուծման հասնելու իմաստով: Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են ղարաբաղեան տագնապը բացառապէս խաղաղ միջոցներով լուծելու տարբերակը յառաջ տանելու նպաստող պայմաններ ստեղծելու առնչութեամբ:


