Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ խորհրդարանին վաւերացուցած տուրքերու վերաբերող օրէնքը բեկանելու որոշումին լոյսին տակ, կառավարութիւնը երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց արտակարգ նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:
Նիստին ընթացքին վարչապետը շեշտեց, որ կառավարութիւնը յանձնառու է աշխատավարձի յաւելումներու օրէնքին գործադրութեան, ինչպէս նաեւ յանձնառու է լիբանանցիներուն շահերուն եւ երկրին ելեւմտական կայունութեան պահպանումին:
«Այս մտահոգութեամբ է, որ կառավարութիւնը հրաւիրուած է արտակարգ նիստի, ուր պիտի մշակուի ընթացագիծ մը` ամէնէն արագ միջոցին լուծելու այս հարցը` խորհրդարանին հետ գործակցաբար», ըսաւ ան:
Կառավարութիւնը երեկոյեան ժամը 8:30-ին իր գումարած արտակարգ նիստը յետաձգեց վաղուան, առանց աշխատավարձի յաւելումներուն մասին յստակ որոշումներ տալու:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ կառավարութիւնը վաղը` երեքշաբթի, 26 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, պիտի գումարէ իր նիստը եւ պիտի որդեգրէ բոլորը գոհացնող կարեւոր լուծումներ:
Կառավարութեան նիստին նախագահելէ առաջ, վարչապետ Հարիրի հանդիպում ունեցաւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի հետ:
Սալամէ մեկնումի պահուն յայտարարեց, թէ տուրքերու կարիքը կայ` աշխատավարձի յաւելումները ֆինանսաւորելու համար:
Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար եւս այցելեց վարչապետարան, ուր ան հաստատեց, որ կառչած կը մնան գործադուլին եւ կ՛ուղղուին դէպի մագլցողական քայլերու որդեգրում: Ասմար ընդգծեց նաեւ, որ իրենք կը մերժեն տուրքերու դրութիւնը եւ կը պահանջեն աշխատավարձի յաւելումները:
Վարչապետ Հարիրիի այցելեց նաեւ Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի պալատներու նախագահ Մոհամետ Շքէյր, որ յայտնեց, թէ իրենք կը մերժեն տուրքերը, սակայն որոշ տուրքեր պիտի վաւերացնեն, որպէսզի կարելի ըլլայ ֆինանսաւորել աշխատավարձի յաւելումները:
Նշենք, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Սահմանադրական խորհուրդին որոշումը նկատեց անոր դերակատարութեան դրսեւորումը` աւելցնելով, որ Սահմանադրական խորհուրդին դերակատարութիւնը հաստատութենական պետութեան հիմնումին հիմնաքարը կը նկատուի:
Իսկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նշեց, որ Լիբանանի դատական իշխանութիւններուն հրապարակած որոշումը յարգելի է, նոյնիսկ եթէ ան դրամատուներուն շահերուն կը ծառայէ:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ տուրքերու վերաբերող իր ներկայացուցած վիճարկումին վերաբերող Սահմանադրական խորհուրդին տուած որոշումը նկատեց սահմանադրական յեղափոխութիւն մը:
Շաբաթ յետմիջօրէին ելեւմուտքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուեցան ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ եւ երեսփոխանական բոլոր պլոքներուն ներկայացուցիչները, ինչպէս` նախարարներ Սելիմ Ժրայսաթի, Ժամալ Ժարրահ եւ Մոհամետ Ֆընէյշ, երեսփոխաններ Այման Շքէյր եւ Ժորժ Ատուան, ինչպէս նաեւ վարչապետ Հարիրիի գրասենեակի տնօրէն Նատեր Հարիրի:
Նիստէն ետք Ատուան յայտնեց, որ քննարկած են պետական գանձարկղին եւ աշխատավարձի յաւելումներուն միջեւ հաւասարակշռութիւնը պահպանելու կարելիութիւնը` աւելցնելով, որ հիմնական որոշումներուն մասին կը յայտարարէ կառավարութիւնը:
Իր կարգին, ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ աշխատավարձի յաւելումը օրէնքի վերածուած է եւ անիկա քաղաքացիին տրուած իրաւունք է: «Պահանջուածը այսօր պետական ամավարկի քննարկումն է եւ որոշ բարեփոխումներու որդեգրումը, օգտուելու համար յանձնախումբին աշխատանքներուն շնորհիւ պետական ամավարկին մէջ արձանագրուած խնայողութենէն», ըսաւ ան:
Այսօր` Ընդհանուր Գործադուլ
Սենտիքաներու համագործակցութեան խորհուրդը, Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը, սեփական դպրոցներու սենտիքան եւ Լիբանանեան համալսարանի դասախօսներու լիկան կոչ ուղղեցին` ընդհանուր գործադուլի եւ դասադուլի, որ պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 25 սեպտեմբեր 2017-ին, ամբողջ Լիբանանի տարածքին:
Խորհուրդը նշեց, որ, կառավարութեան կողմէ աշխատավարձի յաւելումները չեղեալ նկատելու միտումներուն իբրեւ հակազդեցութիւն, որոշուած է երկրին մէջ ընդհանուր գործադուլ կատարել` աւելցնելով, որ ինք իր նիստերը բաց պիտի պահէ` որդեգրելու համար մագլցողական քայլեր եւ անդամալուծելու երկիրը:
Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը պետական եւ սեփական բոլոր հաստատութիւններուն եւ քաղաքապետարաններուն անունով ընդհանուր գործադուլ յայտարարեց` պահանջելով գործադրել աշխատավարձի յաւելումները վաւերացուցած օրէնքը:
Լիբանանեան պետական վարժարաններու երկրորդականի ուսուցիչներու լիկան իր կարգին ընդհանուր դասադուլ յայտարարեց` կոչ ուղղելով ուսուցիչներուն պատրաստ ըլլալու` որդեգրուելիք մագլցողական քայլերուն մասնակցելու:
Սեփական դպրոցներու մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Ռուտոլֆ Ապպուտ շեշտեց, որ վաղուան ընդհանուր գործադուլին կը մասնակցին նաեւ բոլոր սեփական դպրոցները:
Ապպուտ յայտնեց, որ իրենց եւ Սենտիքաներու համագործակցութեան խորհուրդին միջեւ գործակցութիւնը առկայ է:
Պետական պաշտօնեաներու լիկան իր կարգին յայտարարեց, որ պետական հաստատութիւններու բոլոր վարչութիւնները կը մասնակցին այսօրուան գործադուլին` պահանջելով աշխատավարձի յաւելումներուն վերաբերող օրէնքին գործադրութիւնը:


