Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Կարօ Փայլանն Ու Ամերիկացի Քոնկրեսականները

September 23, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 22 սեպտեմբերին ընդունած է Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլանը, որ Հայաստան կը գտնուի Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովին մասնակցելու նպատակով:

Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է հայ երեսփոխանը` կարեւոր նկատելով համահայկական օրակարգի խնդիրներու քննարկման նուիրուած համաժողովին անոր մասնակցութիւնը եւ այդ խնդիրներու լուծման իր նպաստը բերելու պատրաստակամութիւնը:

Կարօ Փայլան նախագահ Սերժ Սարգսեանին ներկայացուցած է Թուրքիոյ հայ համայնքին ներկայ իրավիճակը, նախագահ Սարգսեանին հետ զրուցած է համայնքային կեանքին առնչուող հարցերուն մասին, որոնց հայ երեսփոխանը կ՛անդրադառնայ նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ:

Նոյն օրը Հայաստանի նախագահը ընդունած է նաեւ ամերիկացի քոնկրեսականներու պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմեն Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահներ Տէյվիտ Վալատաօ, Ճեքի Սփայըր եւ Ֆրանք Փալոն, քոնկրեսականներ Աննա Էշու, Թալսի Կապարտ եւ Ճէյմս Սենսենպրենըր:

Նշելով, որ Քոնկրեսի երկկուսակցական պատուիրակութեան Հայաստան այցելութիւնը կը վկայէ այն մասին, որ Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան յարաբերութիւններու զարգացման եւ խորացման առումով Հայաստան աջակիցներ եւ բարեկամներ ունի թէ՛ հանրապետականներու եւ թէ՛ դեմոկրատականներու շարքերուն մէջ, նախագահ Սերժ Սարգսեան խորհրդանշական նկատած է այն, որ քոնկրեսականները Հայաստան կ՛այցելեն երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման յոբելենական` 25-րդ տարուան ընթացքին:

Հանրապետութեան նախագահը ընդգծած է, որ անկախութեան յաջորդող 26 տարիներուն ընթացքին Հայաստան զգալի ձեռքբերումներու հասած է տարբեր բնագաւառներու մէջ, ինչ որ կարելի եղած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու աջակցութեան շնորհիւ: Նախագահ Սարգսեան երախտագիտութիւն յայտնած է բարեկամ Միացեալ Նահանգներուն` Հայաստանի անկախ պետականութեան ամրապնդման ու զարգացման վերաբերող այդ օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ այն կարեւոր դերակատարութեան համար, զոր Միացեալ Նահանգներ` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր, ունի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ:

Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է քոնկրեսականներուն եւ յատկապէս Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն` այն հսկայական աշխատանքին համար, զոր տարիներէ ի վեր անոնք կը կատարեն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման ուղղութեամբ:

Քոնկրեսականները իրենց կարգին նշած են, որ ուրախ են անկախութեան տօնին օրը Հայաստան գտնուելնուն եւ տօնը հայ ժողովուրդին հետ միասին նշելու կարելիութեան համար: Հանդիպման ներկայ քոնկրեսականներէն անոնք, որոնք առիթ ունեցած են  անկախութեան առաջին տարիներուն Հայաստան գտնուելու, հաստատած են, որ երկրին մէջ զգալի փոփոխութիւններ արձանագրուած են, եւ դրական ընթացքը ակնառու է:

Քոնկրեսականները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած են` ջանքեր ի գործ դնելու հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու հետագայ ընդլայնման եւ խորացման ուղղութեամբ: Անոնք նաեւ իրենց տպաւորութիւնները կիսած են հանրապետութեան նախագահին հետ Արցախ կատարած իրենց այցելութենէն` նշելով, որ տպաւորուած են Արցախի ժողովրդավարական յառաջընթացով:

 

Նախորդը

Կարօ Փայլան. «Ես Կ՛ուզեմ Կամուրջ Ըլլալ Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ

Յաջորդը

Սվիթալսքի. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը Եւրոպայի Անքակտելի Մասն Է»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գաղութային

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.