Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի Մէջ «Լիբանան Ոչ Մէկ Գաղթականի Կամ Տեղահանուածի Բնակեցումը Պիտի Արտօնէ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

September 23, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հինգշաբթի, 21 սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 72-րդ նստաշրջանին արտասանեց Լիբանանի խօսքը, որուն մէջ հաստատեց, որ Լիբանան կրցած է դիմադրել ահաբեկչութեան, որ հրկիզած է շատ մը երկիրներ: «Ահաբեկչութեան դիմադրելու կողքին Լիբանան կրցած է պահպանել իր ազգային միասնականութիւնը, հակառակ երկրին մէջ ինքզինք պարտադրող քաղաքական սուր երկփեղկումին: Լիբանան իր բոլոր ուժերով կրցած է պահպանել երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը` աստիճանաբար վտարելով ահաբեկչութիւնը: Իսկ վերջերս լիբանանեան բանակը Սուրիոյ հետ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ` վերջնականապէս երկրէն դուրս շպրտելով ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի ահաբեկիչները», ըսաւ ան:

Իր ուղերձին մէջ նախագահ Աուն անդրադարձաւ սուրիացի տեղահանուածները դիմաւորելու իմաստով Լիբանանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ լիբանանցիներուն կեանքին վրայ այդ իրականութեան ունեցած ազդեցութեան:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ տեղահանուածներու տունդարձը վերածուած է խիստ անհրաժեշտութեան` նկատի ունենալով, որ Սուրիոյ մէջ նախապէս անոնց բնակած շրջանները ազատագրուած են, եւ այդտեղ կայունութիւնը վերահաստատուած է: «Տեղահանուածները Լիբանան հասած են պատերազմին պատճառով, սակայն մենք կոչ կ՛ուղղենք անոնց ապահով վերադարձին», նշեց նախագահ Աուն:

Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ 85 առ հարիւրը արդէն իսկ սուրիական պետութեան իշխանութեան տակ կը գտնուի, եւ տեղահանուածները հանգիստ կրնան իրենց երկիրը վերադառնալ:

Նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ Իսրայէլի կողմէ միջազգային բանաձեւերը խախտելու եւ չգործադրելու երեւոյթին, յատկապէս ինչ կը վերաբերի պաղեստինեան հարցին:

«Իսրայէլի սանձազերծած պատերազմները փաստեցին, թէ հրասայլն ու կործանիչը լուծումներ կամ խաղաղութիւն չեն կրնար պարտադրել: Իսկ առանց խաղաղութեան չկայ արդարութիւն, ինչպէս որ առանց իրաւունքները յարգելու չկայ արդարութիւն: Կասկածէ վեր է, որ պաղեստինցիները իրենց հողերէն վտարելու ոճիրը չի կրնար սրբագրուիլ այլ ոճիրով մը, որ պիտի գործուի նախ լիբանանցիներուն դէմ` անոնց պարտադրելով պաղեստինցիներուն բնակեցումը, եւ ապա պաղեստինցիներուն` անոնց զլանալով տունդարձի իրենց իրաւունքը: ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի աշխատանքի խոչընդոտումներն ու այդ կազմակերպութեան սնանկացումը իր կարգին նոյն նպատակը կը հետապնդէ:

Սակայն Լիբանան ոչ մէկ գաղթականի կամ տեղահանուածի բնակեցումը պիտի արտօնէ, ի՛նչ ալ ըլլայ անոր գինը: Այս իմաստով մենք որոշում կու տանք եւ ոչ թէ ուրիշներ», շեշտեց նախագահ Աուն:

Ան դիտել տուաւ, որ Համաշխարհային Գ. պատերազմը նոր ձեւ ստացած է` վերածուելով ներքին փոքր պատերազմներու, իսկ լուծումը մտային եւ մշակութային փոփոխութիւնն է: Այժմ մեծ կարիք կայ խաղաղութիւն տարածող եւ մարդիկը իրարու միացնող դաստիարակութեան, որ կը նպաստէ նաեւ տարբեր խմբաւորումներու միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդումին, ինչպէս նաեւ կ՛օժանդակէ երկխօսութիւնը իբրեւ միակ ձեւ որդեգրելու` տագնապներուն լուծման համար:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի դերակատարութիւնը, այլ` պատգամը ահաբեկչութեան գաղափարախօսութեան դէմ պատերազմիլն է: Նախագահ Աուն առաջարկեց Լիբանանը վերածել տարբեր կրօններու, քաղաքակրթութիւններու եւ ցեղերու միջեւ երկխօսութեան կեդրոնի մը, որ կը հետեւի ՄԱԿ-ին:

Կութիերեսի Հետ Հանդիպում

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ` ներկայութեամբ իրեն ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութեան, որուն միացած էր նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ ՄԱԿ-ի քաղաքական հարցերու պատասխանատու Ճեֆրի Ֆելթմանը եւ Կութիերեսի խորհրդականները:

Կութիերես ողջունեց նախագահ Աունը անոր արտասանած ուղերձին առիթով, ինչպէս նաեւ դրուատեց Լիբանանի եւ ՄԱԿ-ի տարբեր միաւորներուն միջեւ գործակցութիւնը, յատկապէս տեղահանուածներու թղթածրարին առումով:

Կութիերես նշեց, թէ ՄԱԿ կը զօրակցի Լիբանանին, որ միջազգային ընտանիքին յաւելեալ օժանդակութեան կարիք ունի:

Կութիերես անդրադարձաւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ այդ ուժերուն առաքելութեան երկարաձգումին վերաբերող հարցերուն:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը ողջունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութիւնը` ընդգծելով, որ անիկա անհրաժեշտ նուաճում մըն է` Լիբանանի գերիշխանութիւնը պարտադրելու ամբողջ երկրին տարածքին:

Կութիերես մաղթեց, որ այդ գործակցութիւնը աւելի եւս ամրապնդուի, յատկապէս ապահովական կայունութիւնը պահպանելու եւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու համար:

Իր կարգին, նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կ՛աշխատի հարաւային Լիբանանի մէջ բանակի ջոկատներուն անդամներուն թիւը աւելցնելու ուղղութեամբ` գործակցելով ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հետ:

Լիբանան կարիքը ունի խաղաղութեան, իր հողերը պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ իր անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը պահպանելու, «հետեւաբար ան կը մերժէ իր հողերուն դէմ գործուած յարձակումներն ու ոտնձգութիւնները, որոնք միաժամանակ կը խախտեն նաեւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ ՏԱՀԵՇ-ին ու Ժապհաթ Նուսրային դիմադրելու եւ Ռաս Պաալպեքի ու Քաայի բարձունքներուն վրայ ահաբեկչութեան դէմ յաղթանակ արձանագրելու բանակին նուաճումին:

Նախագահ Աուն Կութիերեսէն խնդրեց ՄԱԿ-ի զօրակցութիւնը` Լիբանանը կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններու միջեւ երկխօսութեան կեդրոնի վերածելու, խաղաղութեան մշակոյթը բարգաւաճեցնելու նպատակով:

Կութիերես իր կարգին ընդառաջեց նախագահ Աունի պահանջին` նշելով, որ այդ իմաստով Լիբանանի եւ ՄԱԿ-ի միջեւ աշխատանքի համադրում պէտք է կատարուի:

Նշենք, որ նախագահ Աուն երէկ առաւօտեան ժամը 9:00-ին վերադարձաւ Պէյրութ եւ ցաւակցագիր մը յղեց Մեքսիքայի նախագահ Էնրիքէ Փենիա Նիեթոյին` Մեքսիքոն հարուածած երկրաշարժին եւ անոր պատճառած մարդկային վնասներուն առիթով:

 

Նախորդը

Նիւ Եորքի Մէջ. Պասիլ Հանդիպումներ Ունեցաւ Հայ, Արաբ Եւ Օտար Պաշտօնակիցներու Հետ

Յաջորդը

Լափշինը Յայտնած Է, Թէ Ո՛ր Երկիրները Ազրպէյճանին Օգնութիւն Տրամադրած Են Իր Գործով Քննութեան Ընթացքին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.