Խորհրդարանի պաշտօնավարութեան նստաշրջանը յառաջաձգելու եւ կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու կոչերէն ետք, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր կը նախագահէ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին:
Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ հասաւ Նիւ Եորք, ուր Լիբանանը պիտի ներկայացնէ ՄԱԿ-ի 72-րդ ընդհանուր ժողովին:
Նախագահ Աունին ընկերակցեցաւ հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ, վարչական պատասխանատուներ եւ լրագրողներ: Լիբանանի պատուիրակութեան պիտի միանայ նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ, որ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներ:
Նախագահ Աունը դիմաւորեցին ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն դեսպան Նաուաֆ Սալամ եւ Ուաշինկթընի մէջ լիբանանեան դեսպանատան գործավար Քարլա Ժազզար:
Նախագահ Աուն Նիւ Եորքի մէջ պիտի ունենայ շարք մը հանդիպումներ` այլ երկիրներու ղեկավարներու, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ:
Նախագահ Աուն ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի խօսքը պիտի արտասանէ հինգշաբթի, 21 սեպտեմբեր 2017-ին:
Նշենք, որ նախորդ երեք տարիներուն ընթացքին Լիբանան ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին հանրապետութեան նախագահի մակարդակով չէ մասնակցած` նկատի ունենալով նախագահական պաշտօնի թափուր ըլլալուն իրականութիւնը:


