Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժոմպլաթ. «Աշխատավարձի Յաւելումներուն Իմաստով Լուրջ Հարցեր Պիտի Դիմագրաւենք»

September 18, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ` ներկայութեամբ իր զաւկին` Թայմուր Ժոմպլաթի եւ երեսփոխաններ Աքրամ Շեհայէպի ու Նաամէ Թոհմէի, շաբաթավերջին Մուխթարայի մէջ ընդունեց Քֆարմաթթայի ժողովրդային պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին Ժոմպլաթ յայտնեց, որ խորհրդարանին վաւերացուցած աշխատավարձի յաւելումները, որոնք մէկ միլիառ տոլարի սահմանները չեն անցնիր, կարելի պիտի չըլլայ ապահովել` նկատի ունենալով երկրին մէջ տիրող մսխումներու ու փտածութեան երեւոյթները: «Հետեւաբար աշխատավարձի յաւելումներուն իմաստով լուրջ հարցեր պիտի դիմագրաւենք», ըսաւ ան:

Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան վերադառնալու Կեդրոնական քննչութեան եւ Պետական հաշուեքննիչ խորհուրդի դիւանին կողմէ ելեկտրականութեան թղթածրարին մասին պատրաստուած յստակ տեղեկագիրին: «Ատիկա լիբանանցի պատասխանատուներուն եւ քաղաքացիներուն համար օգտակար պիտի ըլլայ եւ պիտի կանխարգիլէ ելեւմտական արկածախնդրութիւնները», հաստատեց Ժոմպլաթ:

Ան աւելցուց, որ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի երեսփոխանական ընտրութիւններ, եւ կոչ ուղղեց բոլորին ազատ կամքով քուէարկելու` աւելցնելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին ամէնէն կարեւորը միասնականութեան մէջ արձանագրուելիք բազմազանութիւնն է, ինչպէս նաեւ Քֆարմաթթայի միասնականութիւնը` քաղաքական ղեկավարութիւններուն եւ հոգեւոր հեղինակութիւններուն մակարդակով:

«Ճիշդ է, որ ընտրական օրէնքը բարդ է եւ նեղացուցիչ, սակայն ոչինչ կրնանք փոխել. այս է ընտրական օրէնքը», հաստատեց Ժոմպլաթ:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Զօր. Աուն Պարգեւատրեց «Բարձունքներու Արշալոյսը» Գործողութեան Մասնակցած Բանակի Զօրամասերը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.