Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Ապահովական Կառոյցները Կը Ձերբակալեն Ահաբեկիչները, Օտար Դեսպանատուները Կը Զգուշացնեն Իրենց Քաղաքացիները

September 16, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցնող 48 ժամուան ընթացքին քանատական, ամերիկեան, բրիտանական եւ ֆրանսական դեսպանատուները ահաբեկչական հաւանական գործողութենէ մը զգուշացուցին Լիբանանի մէջ ապրող իրենց քաղաքացիները:

Այսպէս, շրջանառութեան մէջ մտան լուրեր, թէ Քազինօ տիւ Լիպանը ահաբեկչական գործողութեան թիրախ է:

Քազինօ տիւ Լիպանի տնօրէնութիւնը պատասխանելով այդ տարաձայնութիւններուն հաստատեց, որ հաստատութիւնը ամէնէն ապահով շրջաններէն մէկուն մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ Քազինոյին մօտակայքը կան բանակի անցարգելներ, ինչպէս նաեւ Քազինոյին յատուկ ապահովութեան անձնակազմ մը:

Քազինօ տիւ Լիպանի նախագահ Ռոլան Խուրի շեշտեց, որ Քազինոյի աշխատանքը նախորդ երկու օրերուն ընթացքին ոչ մէկ ձեւով ազդուած է այդ զգուշացումներէն:

Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ նախարարութիւնը կը հասկնայ օտար դեսպանատուներուն նախանձախնդրութիւնը Լիբանանի մէջ ապրող իրենց քաղաքացիներուն անվտանգութեան նկատմամբ, սակայն միաժամանակ կ՛ուզէ անոնց ուշադրութեան յանձնել, թէ նման զգուշացումներ սարսափահար կը դարձնեն ե՛ւ իրենց քաղաքացիները, ե՛ւ լիբանանցիները:

Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ Լիբանան կը դատապարտէ ահաբեկչութիւնը, ուր որ ալ ըլլայ ան եւ ցաւակցութիւն կը յայտնէ ահաբեկչութեան պատճառած զոհերուն ընտանիքներուն: «Ինչպէս բոլոր պետութիւնները, լիբանանեան պետութիւնը եւս յանձնառու կը մնայ իր քաղաքացիներուն եւ Լիբանանի մէջ ապրող բոլոր քաղաքայիններուն անվտանգութեան անխտիր», հաստատուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Իր կարգին, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ ապահովական կառոյցները կը հետապնդեն կարգ մը դեսպանատուներուն կողմէ արձակուած զգուշացումներուն հիմքը` աւելցնելով, որ այդ զգուշացումները իրենց չափին մէջ պէտք է նկատի ունենալ:

Նշենք, որ անկախ հաղորդագրութիւններէն, լիբանանեան բանակն ու ապահովական կառոյցները երէկ կատարեցին շարք մը ձերբակալութիւններ:

Ուշ գիշերին բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ստացած է տեղեկութիւններ, թէ ՏԱՀԵՇ-ի պատկանող ահաբեկչական բջիջ մը, որուն կը նախագահէ Ֆատի Իպրահիմ Ահմետ Ալի Ահմետ, ծանօթ` իբրեւ Ապու Խաթթապ, որ պահուըտած է պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ, ծրագրած է ահաբեկչական գործողութեան:

Այս տեղեկութիւններուն լոյսին տակ, բանակը ձերբակալեց 19 կասկածելիներ, որոնք կրնան կապ ունենալ այդ բջիջին հետ:

Միւս կողմէ, երէկ առաւօտեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան եւ պետական անվտանգութեան ուժերուն գոյացուցած շրջուն ջոկատներէն մէկը Մաշարիհ Քաայի մէջ ձերբակալեցին երեք սուրիացիներ` Մահմուտ Հասան Մաշհատանի, Աքրամ Ապտել Համիտ Շարրուֆ եւ Մահմուտ Ահմետ Ապու Ժաուհար, որոնք Ժապհաթ Նուսրայի անդամներ են եւ 2014-ին Արսալի մէջ բանակին դէմ գործուած յարձակումին մաս կազմած:

Անոնցմէ մէկուն մօտ գտնուած է նահատակ բանակայիններէն մէկուն ձեռքի ժամացոյցը:

Նախորդը

Լասըն Եւ Քաակ Կը Շնորհաւորեն Նախագահ Աունը

Յաջորդը

ՖԻՖԱ. Հայաստան Նահանջեց

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.