Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այնճարի Մէջ. Վերաբացում` «Ռուբէն Նագեան» Գեղարուեստի Ակադեմիայի

September 16, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին, հինգշաբթի, 14 սեպտեմբեր 2017-ին տեղի ունեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 102-ամեակի ձեռնարկներու առաջին նախաձեռնութիւնը` վերաբացումը «Ռուբէն Նագեան» գեղարուեստի ակադեմիային:

Մասնաճիւղի վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց  Նաթալի Քենտիրճեան, որ մեծ գոհունակութիւն յայտնեց ակադեմիային վերաբացման առիթով` ըսելով, որ կառոյցին հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ նոր սերունդի տաղանդները յայտնաբերել: Ան աւելցուց. «Յանձնախումբին ծրագիրը այս տարուան համար, շաբաթական դասերուն կողքին, պիտի ընդգրկէ արտադպրոցական աշխատանքներ, պատերու վրայ աշխատանքներ եւ այլ հետաքրքրական ձեռնարկներ ու ցուցահանդէս»:

Այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին, Այնճարի քաղաքապետութեան եւ «Ռուբէն Նագեան» ակադեմիայի հիմնադիրներուն` տեղեկացնելով, որ ակադեմիայի դասատուն պիտի ըլլայ Մարալ Թնգրեան:

Ապա ան բեմ հրաւիրեց Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Վազգէն Գալօշեանը, որ յուշանուէրներով գնահատեց ակադեմիայի հիմնադիրներէն Յովհաննէս Խօշեանը, Րաֆֆի Անտոնեանը եւ Պօղոս Թասլաքեանը, ինչպէս նաեւ բացականեր Կարպիս Քենտիրճեանը, Վահէ Տիւքենճեանը եւ Թալին Սթամպուլեանը:

Խօսք առաւ Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, որ Պարոյր Սեւակի խօսքերէն մէկը մէջբերելով ըսաւ. «Ինչքան էլ ծանր է մանուկ թաղելը., մանուկ պահելը ծանր է աւելի»: Ան շարունակեց. «Մեր երեխաները ճիշդ ուղիին վրայ դնելու առաջին քայլը կը սկսի հոսկէ: Հո՛ս է, որ մեր երեխաները կը սորվին զանազանել բարին չարէն: Հո՛ս է, որ անոնց ճաշակին մէջ պիտի ամրանայ բարիի եւ գեղեցիկի սկզբունքը, որպէսզի չարին յաղթենք գեղեցիկին ճամբով»:

 

Նախորդը

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

Յաջորդը

Անդրադարձ. Սպասելով Թրամփ-Էրտողան Հանդիպումին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.