Արծիւներու Բոյնը
Վտանգի Տակ
Դարերով իրաւազրկուած հայը անգամ մըն ալ ահազանգ կը հնչեցնէ… Թեւերը կ՛երկարէ իր ցեղակիցներուն, որ օգնութեան հասնին:
Աղաչական ձայներ կու գան, այս անգամ` արծիւներու բոյնէն:
Ղարաբաղ ճակատագրական օրեր կ՛ապրի, մինչ, ըստ երեւոյթին, «օգնութիւն» աղերսող իր ձայնը անարձագանգ պիտի մնայ մեր «պաշտօնական օրկան»-ներուն մէջ:
Վաթսուն տարի ետք թաթարը անգամ մըն ալ ապացոյցը տուաւ իր հայատեաց թաթարութեան, անգամ մըն ալ հաստատելով, որ աքցանին միւս բերանն է Անգարայի հետ` միեւնոյն իտէալներուն առանցքին լծուած:
Ատենը չէ՛, այժմ, ետ երթալով, պատմական խնդիրներ փաստարկելու, թէ ո՛վ էր, արդէն, Կարսն ու Արտահանը իւրացնելէ ետք, մեր ափ մը Հայաստանի արեւելեան եւ հիւսիսային սահմաններն ալ մկրատել տուողը, որպէսզի ան չկարենայ ուռճանալ, խեղդուի՛ միջոցի եւ տարածութեան պակասէն:
Զարմանալի չէ տեսնել, որ մեր երդուեալ թշնամիները նախանձի եւ ատելութեան զգացումներով իրենց հանգի՜ստը կորսնցնեն, երբ հայութիւնը, հայրենիքի մէջ թէ գաղթաշխարհի, իրենց համար աննուաճելի բարձրութիւններու կը հասնի մշակոյթով:
Զարմանալի չէ, եթէ «ազգերու եղբայրութիւն» պիտակին տակ լոզունգներ դարբնող Մոսկուան անգամ մը եւս անտեսէ հայութիւնը:
Ո՞ր միամիտը կրնայ հաւատալ, որ բովանդակ Խորհրդային Միութեան մէջ, առանց Մոսկուայի հրահանգին, տերեւ մը կրնայ շարժիլ:
Մի՛ զարմանաք, եթէ օր մը մանգաղի սպառնալիքը իջնէ Ղարաբաղի հայութեան վզին, ու մուրճի հարուածներով ճզմեն անոնց «օգնութիւն» աղաղակող լեզուները… մէկ անգամ ընդիմշտ լռութեան դատապարտելով բոլորը:
Մի՛ զարմանաք, եթէ օր մը, ամէն «անհասկացողութիւն» հարթելու եւ «ազգերու եղբայրութեան» ապացոյց մը եւս տալու համար, Ղարաբաղի հայութիւնը «ԻՐ ԿԱՄՔՈՎ» ձգէ իր բոյնը` երթալ ծաղկեցնելու համար Կեդրոնական Ասիոյ անմշակ հողերը…
Մի՞թէ Մոսկուան այսպիսի շնորհներու տէր ըլլալուն ապացոյցները չէ տուած քանի մը առիթներով, գոնէ` սա վերջին 20 տարիներու շրջանին: Այն ատեն…
Հայաստանի կառավարութիւնը…
Կոմկուսը…
Ժողովուրդը… պիտի կարենա՞ն «արդարութեան» մասին խօսիլ… բողոքել… եւ կամ թէ` իրենց արիւնակիցներու օգնութեան հասնելու մասին մտածել…
Չենք կարծեր:
Երանի չէ՞ք տար այն օրերուն, երբ մարդիկ, գոնէ՛, կ՛ըսենք` գոնէ՛, կրնային բողոքել, ցոյցեր կատարել ցարին անարդարութեանց դէմ բողոքելու:
Այդ օրերը 60 տարիով ետ մնացած են:
1909, 1 ապրիլի գիշերը, Սահակ Բ. կաթողիկոս իր ննջասենեակը մտած էր:
Հազիւ քունը տարած` դուռին տրուած ուժգին հարուածներէն ընդոստ կ՛արթննայ…
Դուռը կը բանայ…
… Պատշաճութիւնները յարգելու անկարող, իր հսկայ մարմնով ներս կը խուժէ… Կարապետ Կէօվտէրէլեան… Կ՛իյնայ յոգնաբեկ…
Ձիու կռնակին, քառասմբակ կտրած է Ատանա-Սիս ճամբան` մէկ կտոր…
– Ատանա… արիւնի եւ կրակի մէջ…
Հազիւ կրնայ արտայայտուիլ:
Յաջորդ օրը, զարտուղի ճամբաներով, կաթողիկոսը կ՛իջնէ Ատանա… Արցունքը աչքերուն, սիրտը ակռաներուն մէջ սղմած…
Կրակը արդէն մոխրակոյտի վերածած էր դարերու տնտեսութիւնն ու բնակավայրերը:
Եաթաղանը անընդհատ հայու գլուխներ ջարդած էր… Ամէն կողմ դիակ… Ամէն կողմ` ողբերգութիւն…
Դիակները շտապով Սիհուն գետը կը թափէին… դիակներով ծածկուած էր ջուրին երեսը մինչեւ… ծով:
Մինչեւ Կիպրոսի ափերը կը հասնէին ծովուն ալիքներուն վրայ ծփացող հայու ջարդուած մարմիններ…
Մեր բազմաչարչար վեհափառը խումբ մը վերապրողներու հետ կը հասնի հրոյ ճարակ Ս. Ստեփանոս եկեղեցիին փլատակին առջեւ:
Գլխահակ կ՛արտասուէին բոլորը:
Զգացումի անօրինակ պոռթկումով մը կաթողիկոսը գլուխը վեր կ՛առնէ, իր բովանդակ ուժը ի գործ կը դնէ կարենալ բառեր կազմելու եւ սեղմուած կոկորդով աղաղակելու.
– ԵԹԷ ՁԵՐ ԱԼԼԱԼՀԸ ՄԵՐ ԳԹՈՅ ՈՒ ՍԻՐՈՅ ԱՍՏՈՒԱԾՆ Է, ԱՅԼԵՒՍ ՊԻՏԻ ՉՀԱՒԱՏԱՄ ԱՆՈՐ:
Արցունքը… եւ… իր Աստծուոյն դէմ ըմբոստութիւնը…
Առաւելագոյն բաներ, որ 1909-ին հայ կաթողիկոս մը կրնար տալ:
1967-ին հայկական կառավարութիւն կայ:
Անիրաւուած Ղարաբաղի մէջ հայու արիւն կը հոսի… Ճգնաժամային օրեր կ՛ապրին… սպառնալիքներ ալ կան… Կրնանք ծանր անակնկալի մը առջեւ գտնուիլ օր մըն ալ:
Այժմ հարց է գիտնալ, թէ պիտի գտնուի՞ Սահակ կաթողիկոսի նման մէկը… տոգորուած ազգային ԻՐԱՒ, ԱՆՎԱՃԱՌԵԼԻ զգացումներով, որ գոնէ գլուխը վեր առած` իր բողոքը աղաղակէ անարդարութեան դէմ:
ԳՐ. Տ. ԹՈՐՈՍԵԱՆ
Հայաստան
Երեւանի Ոսկերչական
Գործարանը
Հայկական ոսկերչութիւնը դարերու խորքէն կու գայ եւ շատ հին պատմութիւն ունի: Անոր համբաւը շատոնց յայտնի է ամբողջ աշխարհին: Սակայն այդ ուշագրաւ գործը միշտ մանր, արհեստաւորական, տնայնագործական բնոյթ ունեցած է:
Այսօր Երեւանի արդիւնաբերական թաղամասին մէջ տուֆակերտ, հսկայ ու գեղեցիկ ոսկերչական գործարանը իր հինգ տարբեր արտադրամասերով հռչակաւոր դարձած է ամբողջ աշխարհի մէջ:
Գործարանը շահագործման յանձնուած է 1950-էն ի վեր: Կ՛արտադրէ հայկական ոճով ձեւաւորուած ոսկիէ եւ արծաթէ բարձրորակ ու բազմապիսի մատանիներ, ապարանջաններ, ժամացոյցի պատեաններ, շղթաներ, գաւաթներ, յուշանուէրներ եւ բազմատեսակ այլ զարդեր, որոնք ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլեւ Խորհրդային Միութեան մէջ լայն ճանաչում ունին:
1967 մայիսին գործարանի ցուցանմուշները ներկայացուեցան Մոնրէալի համաշխարհային մեծ ցուցահանդէս-տօնավաճառին: Ցուցադրուեցան «Մեսրոպ Մաշտոց», «Կոմիտաս», «Աւ. Իսահակեան», «Սասունցի Դաւիթ», «Հայաստան», «Զուարթնոց» եւ այլ բազմաթիւ յուշանուէրներ, որոնք սպառեցան ցուցահանդէսի բացման առաջին իսկ օրը: Հիմա գործարանը կը մասնակցի Դամասկոսի տօնավաճառին եւ կը պատրաստուի մասնակցելու Լայփցիկի համաշխարհային տօնավաճառին: Կասկածէ վեր է, որ նոյն յաջողութիւնը կ՛ունենայ, ինչպէս ունեցաւ Մոնրէալի մէջ:
Աշխատողներու մէջ նկատելի թիւ կը կազմեն օտարութենէ հայրենիք վերադարձողները, մեծ մասը` տոհմիկ ոսկերիչներ, որոնք իրենց պապերէն ժառանգած գեղեցիկ արհեստը կը փոխանցեն նոր սերունդին:
