Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արտադրողական Մարզի Աշխուժացումն Ու Փտածութեան Դէմ Պայքարը Կը Կազմեն Տնտեսութեան Բարգաւաճման Հիմքերը» Ընդգծեց Նախագահ Աուն

September 14, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միջազգային դրամական ֆոնտի նոր ներկայացուցիչ Քրիսթոֆըր Ճարվիսը` ներկայութեամբ պատուիրակութեան մը, որուն մաս կազմեցին ելեւմտական հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր, նախագահ Աունի հիմնական խորհրդատու Միրէյ Աուն-Հաշեմ եւ ելեւմուտքի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ալեն Պիֆանի:

Հանդիպումին ընթացքին զօր. Աուն շեշտեց, որ արտադրողական մարզի աշխուժացումն ու փտածութեան դէմ պայքարը կը կազմեն Լիբանանի տնտեսութիւնը բարգաւաճեցնելու ծրագիրին հիմքերը:

Նախագահ Աուն նշեց, որ տնտեսութիւնը բարգաւաճեցնելու այս տեսլականին մաս կը կազմէ նաեւ բարեկարգումի ընդարձակ ծրագիր մը, որ կ՛ընդգրկէ օրէնքներ եւ կանոններ, վարչական եւ դատական պաշտօններ, ինչպէս նաեւ կը կեդրոնանայ լիբանանեան պետութեան ծախսերը ճշգրիտ կերպով հաշուելու վրայ` դրական հաւասարակշռութիւն մը ապահովելու համար:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահութիւնը իր ստանձնած օրէն եւ կառավարութիւնը կազմելէ ետք սկսած է մշակուիլ ծրագիր մը, որ պիտի ամբողջանայ` երկրին վայելած քաղաքական ու ապահովական կայունութեան կողքին նաեւ տնտեսական կայունութիւն ապահովելով:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ այն տագնապներուն, որոնք Լիբանանի տնտեսութեան վրայ ունեցած են իրենց ազդեցութիւնը:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Միջազգային դրամական ֆոնտին` լիբանանեան կացութիւնը ուսումնասիրելու անոր ջանքերուն համար եւ ընդգծեց, որ Լիբանան մնայուն կերպով պիտի գործակցի այդ ֆոնտին հետ` միացեալ նպատակներու իրագործումին համար:

Իր կարգին, Ճարվիս նախագահ Աունին յայտնեց Միջազգային դրամական ֆոնտի պատրաստակամութիւնը Լիբանանին օժանդակելու` ելեւմտական եւ տնտեսական մարզերուն վերաբերեալ:

Ան նշեց, որ նախորդ օրերուն Լիբանանի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն լոյսին տակ կազմած է այն տպաւորութիւնը, թէ Լիբանան կայուն երկիր է` հակառակ շրջանին մէջ տիրող քաոսին: Ճարվիս ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանանի մէջ կը կիրարկուի տնտեսական իմաստուն քաղաքականութիւն: Այս շրջագիծին մէջ ան կարեւոր նկատեց 2017-ի եւ 2018-ի պետական ամավարկերուն վաւերացումը:

 

 

Նախորդը

Շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրի` Թիւ 1 Պահանջուածը

Յաջորդը

Սոչիի Մէջ. Հարիրի Եւ Փութին Կը Հաստատեն Լիբանանեան-Ռուսական Յարաբերութիւններու Ամրապնդումը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.