ՏԱՐ Ֆաթուա կը յայտարարէ, թէ Իսլամական նոր տարին կը զուգադիպի հինգշաբթի, 21 սեպտեմբեր 2017-ին:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ թուիթըրեան գրառումով մը ընդգծեց, թէ յաղթանակի փառատօնին առկախումն է, որ հետաքննութեան լուրջ կարիք ունի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի միջեւ երկխօսութեան կարելիութիւններ չկան տակաւին:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյց մը, որուն հիման վրայ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 200 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի եւ մազութի թիթեղին սակը սղած է 300 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշին սակը 100 լ. ոսկիով:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի ինքզինք փաստելու փուլը յաջողութեամբ աւարտած է եւ մուտք գործած պետական այր ըլլալու փուլ: Ուահապ ըսաւ. «Հաւանական է, որ քանի մը ժամէն շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրի` Ապու Թաքիէ ձերբակալուի»:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր նկատել տուաւ, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի միջեւ հանդիպում մը կայացնելու պայմաններ չկան:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի արտերկրի լիբանանցիներու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամ շեշտեց, որ ահաբեկչութեան դէմ բանակին արձանագրած յաղթանակը պատմական է, իսկ այդ յաղթանակը նշելու տօնակատարութեան ջնջումը` անակնկալ:
«Այդ մասին յստակ բացատրութիւն կը պահանջենք` պաշտպանելու համար երկրին մնացած արժանապատուութիւնը», շեշտեց Աֆրամ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը այսօր իր լաւագոյն օրերը կ՛ապրի, ե՛ւ իր զինուորական ուժով ու կարողութիւններով, ե՛ւ ժողովրդային գուրգուրանքով:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով քաղաքական անձնաւորութիւններէ, կը գրէ, թէ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ պահանջուածներու թղթածրարը լուծելու առումով լուրջ քայլերու դիմած է:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան գծով Միջազգային դատական ատեանը Հըզպալլան պիտի ամբաստանէ:


