Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանան Պիտի Արգիլէ, Որ Ահաբեկիչները Իրենց Նպատակները Իրագործեն» Ընդգծեց Նախագահ Աուն

September 13, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն 11 սեպտեմբեր 2001-ի դէպքերուն առիթով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին յղած իր նամակին մէջ շեշտեց, թէ Լիբանան պիտի արգիլէ, որ ահաբեկիչները իրենց նպատակները իրագործեն:

«Լիբանանեան բանակը, որ Լիբանանը ազատագրեց ահաբեկչութենէն եւ ՏԱՀԵՇ-էն, կը հաստատէ այդ մէկը», նշեց նախագահ Աուն:

Ան նշեց, թէ Լիբանան եղած է առաջին երկիրը, որ դատապարտած է Միացեալ Նահանգները հարուածած այդ ահաբեկչութիւնը:

Նախագահ Աուն ընդգծեց կրօններն ու տարբեր հաւատալիքները յարգելու, ինչպէս նաեւ ազգային միասնականութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ այսօր ամբողջ աշխարհը պէտք է միասնականութեամբ պայքարի ահաբեկչութեան դէմ եւ արմատախիլ ընէ զայն:

Նախագահ Աուն ցաւակցագիր մը յղեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիին` դատապարտելով հիւսիսային Սինայի մէջ եգիպտացի զինուորներու պաս մը թիրախ դարձուցած պայթումը, որ պատճառած էր զոհեր եւ վիրաւորներ:

Նախագահ Աուն խստիւ դատապարտեց այդ ոճիրը` ընդգծելով Լիբանանի յանձնառութիւնը եգիպտացի ժողովուրդին զօրակցելու եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իմաստով:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ընդունեց Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի նախագահ Քլոտին Աուն-Ռուքոզը` ընկերակցութեամբ խորհուրդի մէկ պատուիրակութեան:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կիներու իրաւունքները պաշտպանելու իմաստով խորհուրդին աշխատանքները աշխուժացնելու հեռանկարները, յատկապէս լիբանանեան ազգային կեանքին մասնակցելու առումով:

Այս առումով նախագահ Աուն կոչ ուղղեց լիբանանցի կիներուն մասնակցելու լիբանանեան քաղաքական կեանքին եւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն, որպէսզի անոնք ստանան երկրին որոշումները տալու հանգամանքը:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ ինք մօտէն կը հետեւի կիներու իրաւունքներուն եւ զանոնք քաղաքական կեանքին մէջ ներգրաւելու իմաստով աշխատանքներուն ու ջանքերուն:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Հերվէ տը Շարեթը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշիէի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւններն ու 25 սեպտեմբերին նախագահ Աունի Ֆրանսա կատարելիք պաշտօնական այցելութեան նախապատրաստութիւնները:

 

Նախորդը

Մոսկուայի Մէջ. «Ռուսիա Ամբողջական Ընդառաջում Կը Ցուցաբերէ Լիբանանեան Բանակի Զինումին» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Յաջորդը

Բանակին Նուիրուած Յաղթանակի Փառատօնը Առկախուեցաւ

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.