Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Ապրիլեան Քառօրեայ Պատերազմի Նահատակները» Խորագիրով Գիրք Պիտի Տպագրուի
Հայաստանի մէջ գործող «Ղարաբաղեան պատերազմի վեթերաններ» հասարակական կազմակերպութեան կողմէ շուտով լոյս պիտի տեսնէ «Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի նահատակները» խորագրով գիրքը: «Արցախփրես»-ին այս մասին յայտնած է կազմակերպութեան լրատուական բաժինի նախագահ Հայկ Կիսեբլեանը:
«Ապրիլեան պատերազմի օրերուն մեր կազմակերպութեան նախագահ Եուրի Միքայէլեանի գլխաւորած ջոկատը կը գտնուէր Արցախ: Ռազմական գործողութիւններու աւարտէն ետք մեր ծրագիրի ծիրին մէջ այցելեցինք ապրիլեան մարտերու գործողութիւններու ընթացքին զոհուած մօտաւորապէս 101 զինուորականներու եւ կամաւորականներու ընտանիքներուն եւ հաւաքեցինք մերօրեայ հերոսները ներկայացնող կենսագրական տուեալները, անցած մարտական ուղին, յուշերը, որոնք թէեւ կարճ, բայց ուսանելի են մեր յաջորդ սերունդներուն համար», ըսած է Հ. Կիսեբլեան:
Ըստ վերջինիս, գիրքը կազմած է ազատամարտիկ-գրող Թորգոմ Նալբանդեան, որուն համար հիմք ծառայած են թէ՛ իր կողմէ գրի առնուած տեղեկութիւնները եւ թէ՛ լուսանկարները, նիւթերն ու տեսանիւթերը: Պատմութիւններուն ստուար մէկ մասն ալ գրի առած են եւ լուսանկարներ տրամադրած` Վազգէն Սարգսեանի անուան եւ Մարշալ Արմենակ Խանփերեանցի անուան ռազմական թռիչքներու ուսումնարաններու ուսանողները, որոնք «Դուք մենակ չէք» ծրագիրի ծիրին մէջ կ՛ընկերանային մեր հերոսներու ընտանիքներուն: Գիրքին հետ կապուած աշխատանքները կը գտնուին զօրավար Վարդան Աւետիսեանի եւ ՂՊՎ ներկայ նախագահ Ստեփան Թարոյեանի վերահսկողութեան տակ:
Գիրքին նմուշ-օրինակները արդէն տպագրուած են եւ այժմ կը գտնուին քննարկման փուլին մէջ: Կարելիութեան սահմաններուն մէջ գիրքը պիտի տրամադրուի դպրոցներուն եւ համայնքային գրադարաններուն:
Սփիւռքի Նախարարութեան Նախաձեռնութեամբ Տեղի Ունեցաւ Ստեփանոս Երէցի «Հանգիտագիրք»-ի Աշխարհաբար Թարգմանուած Գիրքին Շնորհահանդէսը
Սեպտեմբեր 7-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Մաշտոցի անուան մատենադարանի եւ Թեհրանի Փերիոյ Կրթասիրաց միութեան հետ համագործակցութեամբ, Մատենադարանի նիստերու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Ստեփանոս Երէց Հազարջրիբեցու (18-րդ դար) «Հանգիտագրք»-ին շնորհահանդէսը:
Բնագիրը պատրաստած եւ աշխարհաբարի թարգմանած են Մատենադարանի աւագ գիտաշխատողներ՛ Թամարա Մինասեանը, Լուսինէ Թումանեանը եւ Յասմիկ Կիրակոսեանը: Յառաջաբանը գրած է իրանագէտ Վահան Բայբուրդեանը: Գիրքը հրատարակուած է Թեհրանի «Ալիք» տպարանին մէջ՛ Փերիոյ Կրթասիրաց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ: Գիրքը նուիրուած է 17-րդ դարու երկրորդ կէսին եւ 18-րդ դարու իրանահայ համայնքի պատմութեան եւ կ՛ընդգրկէ տուեալներու շատ լայն շրջանակ. Ստեփանոս Երէցի պատմութիւնը կարեւորագոյն տեղեկութիւններ կը պարունակէ նաեւ դրացի երկիրներու՛ Աֆղանիստանի, Հարաւային Կովկասի երկիրներու, յատկապէս Վրաստանի պատմութեան մասին:
Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկած է Մատենադարանի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Վահան Տէր Ղեւոնդեանը` նշելով, որ բացառիկ աղբիւրագիտական արժէք ներկայացնող այս գիրքին լոյսընծայումը Մատենադարանի եւ սփիւռքի նախարարութեան փայլուն համագործակցութեան արդիւնքն է:
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը մասնակիցներուն արտասանեց նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանը` նշելով. «Այս գիրքին շնորհիւ` հայ պատմագրութիւնը հարստացաւ եւս մէկ սկզբնաղբիւրով: Դարեր շարունակ, պատմական ճակատագրի բերումով հայ ժողովուրդը արմատախիլ եղած է սեփական հայրենիքէն եւ սփռուած` ամբողջ աշխարհի տարածքին, ապրելով օտարներու տիրապետութեան տակ` մարտնչած, պայքարած, ապրած եւ արարած է` պահպանելով իր ինքնութիւնը, լեզուն եւ մշակոյթը: Ուրախալի է, որ Մատենադարանի գիտաշխատողներուն օգնութեամբ իրականացուած է ձեռագիր մատեանի աշխարհաբար թարգմանութեան դժուարին աշխատանքը, եւ այսօր մենք կ՛արձանագրենք, որ Իրան մեր հայրենակիցներուն ապրելու եւ ստեղծագործելու համար ստեղծած է լաւագոյն պայմաններ: Իրանի հայ համայնքը դարձած է Հայաստան-Իրան դարաւոր բարեկամութեան ամրակուռ կամուրջը»:
Նախարարը իր խօսքին մէջ բարձր գնահատած է գիրքը հրատարակելու` Փերիոյ Կրթասիրաց միութեան նախաձեռնութիւնը, աշխատութիւնը գրաբարէ աշխարհաբար թարգմանելու՛ Մատենադարանի տնօրինութեան պատրաստակամութիւնը եւ Մատենադարանի գիտաշխատողներու բարեխղճութիւնն ու բարձր մասնագիտացումը:
Փերիոյ կրթասիրաց միութիւնը արժանացած էր Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան ոսկիէ մետալին, որ անոնց յանձնեց Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանը:
Այնուհետեւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատան առաջին քարտուղար Հոսէյն Շիրխանին` ներկայացնելով Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սէյետ Քազեմ Սաճատի խօսքերը՛ առաջին քարտուղարը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Փերիոյ Կրթասիրաց միութեան` գիրքի տպագրութեան գործը նախաձեռնելուն համար: Ան նշեց, որ հայերը դարեր շարունակ ապրած են Իրանի մէջ եւ օգնած` իրանեան մշակոյթի զարգացման: Հայաստանի մէջ Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանութեան առաջին քարտուղարը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Մատենադարանին՛ գիրքի աշխարհաբար թարգմանութեան գործը եւ շնորհահանդէսը կազմակերպելուն համար:
Թեհրանի Փերիոյ Կրթասիրաց միութեան կողմէ գիրքի հրատարակման պատասխանատու Գասպար Ամիրխանեան ներկայացուց գիրքի աշխարհաբար թարգմանութեան աշխատանքները նախաձեռնելու եւ զայն տպագրելու պատմութիւնը: Գիրքի թարգմանութեան եւ տպագրութեան աշխատանքներուն աջակցելու եւ շնորհահանդէսը կազմակերպելու համար Գասպար Ամիրխանեան Փերիոյ Կրթասիրաց միութեան շնորհակալագրերով պարգեւատրեց` Վահան Բայբուրդեանին, Թամարա Մինասեանին, Լուսինէ Թումանեանին, Յասմիկ Կիրակոսեանին եւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան:
Իրանի մէջ Հայաստանի առաջին արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, գիրքի նախաբանի հեղինակ, փրոֆեսէօր Վահան Բայբուրդեան ընդգծեց, որ պատմագիտական արժէք ներկայացնող գիրքի լոյսընծայման հարցին մէջ լուրջ խթան հանդիսացած է սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին նուիրումը` գործին: Փրոֆեսէօրը խօսեցաւ հայ մշակոյթի զարգացման գործին մէջ իրանահայ համայնքի ներդրման մասին:
Գիրքի պատմագիտական-աղբիւրագիտական եւ բանասիրական արժէքներու մասին զեկոյցներով հանդէս եկան` Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանը, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեան եւ Մատենադարանի Արուեստի պատմութեան եւ գրչութեան կեդրոններու ուսումնասիրման բաժինի վարիչ Կարէն Մաթէոսեանը, նշելով, որ Ստեփանոս Երէցի «Հանգիտագրքի» բնագրի եւ աշխարհաբար թարգմանութեան ամբողջական հրատարակութեամբ առաջին անգամ շրջանառութեան մէջ կը մտնէ երկ մը, որ կարեւոր սկզբնաղբիւր է իրանահայ գաղթօճախին, յատկապէս` Փերիա, Բուրվառ, Նոր Ջուղա գաւառներու պատմութեան եւ ընդհանրապէս Իրանի ուշ միջնադարի պատմութեան ուսումնասիրութեան համար:
Գիրքի աշխարհաբար թարգմանութեան աշխատանքներուն մասին զեկոյցով հանդէս եկաւ Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող Թամարա Մինասեանը: Ան նշեց, որ «Հանգիտագիրք»-ը մեզի հասած է երկու ձեռագրով: Բնագիրը Նոր Ջուղայի ձեռագրատան մէջ պահուող թիւ 654 մատեանն է: Երկրորդ մատեանը կը պահուի Մատենադարանի մէջ, որ 1945-1946 թուականներուն Ջուղայի ձեռագրէն ամբողջութեամբ ընդօրինակած է իրանահայ բանասէր Լեւոն Մինասեանը:
Շնորհահանդէսի աւարտին Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատան առաջին քարտուղար Հոսէյն Շիրխանին դեսպանին անունով իրանական զարդանաշխերով գորգ նուիրեց Մատենադարանին:
Յարութիւն Խաչատրեան Հրաժարեցաւ «Ոսկէ Ծիրան» Փառատօնի Տնօրէնի Պաշտօնէն
«Ոսկէ ծիրան» Երեւանի միջազգային փառատօնի մամլոյ կեդրոնը կը տեղեկացնէ, թէ փառատօնին տնօրէնը` Յարութիւն Խաչատրեան, նոր ֆիլմաշարի պատրաստութեան աշխատանքներուն ծանրաբեռնուածութեան պատճառով եւ իր դիմումին համաձայն, հրաժարեցաւ «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի տնօրէնի պաշտօնէն:
Աղբիւրը կը յայտնէ նաեւ, որ փառատօնի հիմնադիր խորհուրդին որոշումով «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի տնօրէն նշանակուած է փառատօնի գեղարուեստական տնօրէն, շարժապատկերի մասնագէտ Սուսաննա Յարութիւնեանը:
«Տորաութ Սթուտիօ» Ճարտարապետական Ընկերութիւնը Պիտի Զբաղի Հադրութի Քաղաքաշինական Զարգացման Ծրագիրներով
Հադրութ քաղաքին մէջ սեպտեմբերին բացուեցաւ «Տորաութ սթուտիօ» ճարտարապետական ընկերութիւնը:
«Արցախփրէս»-ը կը հաղորդէ, որ ընկերութեան հիմնադիր տնօրէն Նինա Ներսէսեանը ըսած է, որ ընկերութեան բացման հիմնական նպատակն է Հադրութ քաղաքի քաղաքային կենսապատկերին, ինչպէս նաեւ համանուն շրջանի այլ բնակավայրերու կայուն քաղաքաշինական զարգացումը` իբրեւ հիմք ընդունելով թէ՛ իր հիմնած կազմակերպութեան աշխատակիցներուն աշխուժութիւնը եւ թէ՛ հետագայ համագործակցութիւնը արտերկրի յառաջադէմ կազմակերպութիւններու հետ:
«Հադրութի քաղաքային զարգացումը կատարուած է քանի մը փուլով, եւ անոնցմէ անհրաժեշտ է յստակ տարբերել 19-րդ դարու ցարական շրջանի ճարտարապետութիւնը, խորհրդայինը եւ ժամանակակիցը: Ասոնք երեք ամբողջովին տարբեր ժամանակաշրջաններ են, որոնք կ՛ամփոփեն տուեալ ժամանակներու բնորոշ ճարտարապետական լուծումները, եւ անոնք անպայման պէտք է հաշուի առնուին մեր աշխատանքներուն մէջ», ըսած է Ն. Ներսէսեան:
Աւարտելով Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան Հայաստանի ազգային համալսարանը` ան իր ուսումը շարունակած է Իտալիոյ Միլանօ քաղաքի Ճարտարագիտական համալսարանին մէջ: «Ընկերութիւն բանալու գաղափարը ծագած է մագիստրոսական թեզս ուսումնասիրելու ընթացքին. անիկա կը վերաբերէր Հադրութ քաղաքի հին թաղամասի վերակառուցման», ըսած է արմատներով հադրութցի երիտասարդ ճարտարապետը եւ` աւելցուցած, որ նոյնիսկ կազմակերպութեան անունը ընտրելու ատեն հաշուի առած է Հադրութ քաղաքի աշխարհագրական դիրքը: «Տորաութ» արտայայտութիւնը պարսկերէնէ կը թարգմանուի «միջագետք»: Իսկ Հադրութ քաղաքը, գտնուելով երկու գետերու միջեւ, ըստ Ն. Ներսէսեանի, միջագետք կը յիշեցնէ:
Ուխտագնացութիւն Դէպի Մայր Հայաստան
Սեպտեմբեր 5-ին «Ուխտագնացութիւն դէպի մայր Հայաստան» այցելութեան շրջանակներուն մէջ Հայաստանի մէջ գտնուող պուլկարահայ աշակերտներու եւ ուսուցիչներու խումբը, Պուլկարիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Իսահակ վրդ Պօղոսեանի ղեկավարութեամբ, հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ: Հանդիպման մասնակցած էին նաեւ աշակերտներու ծնողներ եւ պուլկարացի երիտասարդներ:
Սեպտեմբեր 5-ին «Ուխտագնացութիւն դէպի մայր Հայաստան» այցելութեան շրջանակներուն մէջ Հայաստանի մէջ գտնուող պուլկարահայ աշակերտներու եւ ուսուցիչներու խումբը, Պուլկարիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Իսահակ վրդ Պօղոսեանի ղեկավարութեամբ, հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ: Հանդիպման մասնակցած էին նաեւ աշակերտներու ծնողներ եւ պուլկարացի երիտասարդներ:
Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան բարձր գնահատեց հայրենաճանաչութեան միտում ունեցող այս այցելութիւնը: «Սփիւռքի նախարարութիւնը ձեր տունն է, հիւրընկալ օճախ, ուր դուք միշտ սպասուած էք: Հայրենիք եկած էք Հայաստան-սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի նախաշեմին, որուն պիտի մասնակցին 1400 հայեր աշխարհի 70 երկիրներէ, եւ որ կ՛ապացուցէ, թէ սփիւռքը ներկայ է մեր երկրի պետականաշինութեան, զարգացման, առաջընթացի գործընթացներուն մէջ: Դուք էք ապագան կերտողները: Մեր հայրենիքը զուրկ է քարիւղէ եւ կազէ, սակայն այն շահեկանօրէն կը տարբերի բազմաթիւ երկիրներէ` իր ստեղծագործ մտքով եւ ներուժով», նշեց Սերժ Սրապիոնեանը: Ան առանձնակի ողջունեց նաեւ հանդիպման ներկայ պուլկարացի երիտասարդները` ընդգծելով, որ մեր երկու ազգերը մնայուն եղած են բարեկամներ եւ գործընկերներ:
Իսահակ վրդ. Պօղոսեանը շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Հրանուշ Յակոբեանին, սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կը նպաստեն ու կ՛աջակցին Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան ամրապնդման, սփիւռքի մէջ հայ ինքնութեան, մշակոյթի, մայրենիի պահպանման: «Դէպի հայրենիք այս ուխտագնացութեան նպատակը Հայաստանի քաղցրութիւնը, հայրենի հողի ուժը զգալն է: Երբ կը տեսնեմ այս պատանիներուն, երիտասարդներուն ոգեւորութիւնը, կը հասկնամ, որ ոչ մէկ ջանք ի զուր չէ տարուած», յայտնած է Իսահակ վրդ Պօղոսեանը:
Այնուհետեւ պուլկարահայ պատանիները պատմեցին իրենց տպաւորութիւններուն եւ զգացողութիւններուն մասին:
Հանդիպման աւարտին հիւրերը ողջունեց Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը եւ զանոնք հրաւիրեց մասնակցելու նախարարութեան ծրագիրներուն:
Պատանիները նշեցին, որ յաջորդ անգամ Հայաստան պիտի գան «Արի տուն»-ի շրջանակներուն մէջ:
Խաչարձանցի Փոքրիկները Գրենական Պիտոյքներ Ստացան Արժանթինահայերէն
Տաւուշի մարզի Խաչարձան գիւղը բնակեցուած է 1990-ականներու սկիզբը` Ազրպէյճանէն գաղթած հայերով: Գիւղին մէջ բարերարներու աջակցութեամբ, տարբեր տարիներու կառուցուած են ոռոգման համակարգ, խաչքար, դպրոց, մարզահամալիր, խաղահրապարակ, ջերմոցներ:
Այս անգամ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի արժանթինահայ բարերարները` Կալչիեան եւ Աւագեան ընտանիքները, գիւղի դպրոցի բոլոր` 56 աշակերտներուն նուիրեցին ուսապարկեր, որոնց մէջ կային ուսանողութեան տարուան համար անհրաժեշտ բոլոր գրենական պիտոյքները:
Կալչիեան եւ Աւագեան զոյգերը առաջին ծրագիրը չէ, որ կ՛իրականացնեն Խաչարձանի մէջ: Գիւղը մնայուն անոնց ուշադրութեան մաս կը կազմէ: Գիւղացիներուն մէկ մասը այս ընտանիքներուն ֆինանսաւորման շնորհիւ` ջերմոցներ ունի, ուր կ՛աճեցնեն` լոլիկ, սմբուկ, վարունգ, պղպեղ:
Իբրեւ շնորհակալութիւն, գրենական պիտոյքներու նուիրաբերման աւարտին, գիւղացիները արժանթինահայերուն հիւրասիրեցին ջերմոցներուն մէջ աճեցուած բանջարեղէնով:



