Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ն Դէմ Պիտի Քուէարկէ Եւրասիական Տնտեսական Միութենէն Դուրս Գալու «Ելք»-ի Առաջարկին

September 12, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը դէմ պիտի քուէարկէ «Ելք»  խմբակցութեան կողմէ Ազգային ժողովին ներկայացուած Եւրասիական տնտեսական միութենէն դուրս գալու մասին նախագիծին, «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:

«Խաղ ու պար չէ` այսօր մտնել վաղը դուրս գալ… Հայաստանը լուրջ քայլ կատարած է, Եւրասիական տնտեսական միութիւնը մեզի համար ապահոված է կայուն, խաղաղ զարգանալու կարելիութիւն եւ միջավայր: Մենք ուրիշ այլընտրանք` մեր անվտանգութեան հետ կապուած հարցերը  ապահովելու համար, դժբախտաբար, չունինք», ըսաւ Ա. Ռուստամեան:

Ըստ պատգամաւորին, Հայաստանը յաջողած է «ե՛ւ-ե՛ւ» քաղաքականութեան մէջ` ըլլալով Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ կարելիութիւն ունի Եւրոպական Միութեան հետ համապարփակ համագործակցութեան:

«Նոյնիսկ Եւրոպական Միութիւնը հասկցած է, որ այդպիսի պահանջներ դնելը յանգեցուցած է շատ լուրջ հարցերու, նոյնիսկ Եւրոպական Միութեան հեղինակութեան խնդիր յառաջացած է: Մենք տեսանք, թէ  իրենց քաղաքականութիւնը Ուքրանիոյ եւ այլ տեղերու մէջ ինչի յանգեցուց: Հիմա, երբ Եւրոպական Միութիւնը վերանայած է իր մօտեցումը, մենք պէտք է ատկէ օգտուինք: Այն, ինչ որ չենք կրնար լուծել Եւրոպական Միութեան հետ կապուած, պէտք է լուծենք Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ, իսկ այն, ինչ որ չենք կրնար լուծել Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ, պիտի լուծենք Եւրոպական Միութեան մէջ», ըսաւ Ռուստամեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչն է, որ Հայաստանը այս տարիներուն ընթացքին կրցած է  լուծել Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ, Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ ինք այս մարզին մասնագէտը չէ, պէտք է հաշուետուութիւն ներկայացնել, քննարկել տող առ տող:

Անդրադառնալով այն դիտարկումին, թէ «Ելք»-ը իր ներկայացուցած նախագիծին մէջ թուարկած է ձախողութիւնները, Արմէն Ռուստամեան ըսաւ, որ ատիկա իրեն համար բաւարար չէ, թէեւ կ՛ընդունի` կան հարցեր, որոնք Հայաստանը լիարժէք չէ կրցած օգտագործել:

«Հարցը պէտք է անգամ մը եւս քննուի, հասկնանք, թէ Եւրոպական Միութեան կողմէ տրամադրուած նոր կարելիութիւնը ի՛նչ դռներ կը բանայ մեզի համար, լիարժէք օգտագործենք ի շահ մեր պետութեան»,  նշեց ան:

Պատասխանելով «Եւրասիական տնտեսական միութիւնը ի՞նչ տուած է  Հայաստանին անվտանգութեան ապահովման մարզին մէջ» հարցումին` Արմէն Ռուստամեան յայտնեց. «Պարզ չէ՞, որ մեր անվտանգութեան դիրքերը ամրապնդուած են: Մենք պատերազմին յաղթած ենք, որ բոլորովին վերջերս պարտադրուած էր մեզի Ազրպէյճանի կողմէ: Փաստը կը մնայ փաստ չէ՞, թէ մենք ինչ ուժով կրցած ենք յաղթել այդ պատերազմին: Ատիկա ակնյայտ փաստ է, չէ՞»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ` «նկատի ունիք, որ ռուսական աջակցութեա՞մբ յաղթած ենք  ապրիլեան պատերազմին», ապա Արմէն Ռուստամեան նկատել տուաւ. «Հապա ինչո՞վ կռուած են մեր զինուորները: Դուք պարզապէս տեղեակ չէք հարցէն: Դուք կ՛երեւի տեղեակ չէք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ  պաշտպանութիւն ըսուածը: Պաշտպանութիւնը ամբողջական համալիր է, ո՛չ միայն մարդիկն են կարեւոր, այլեւ` ատիկա զէնք զինամթերք ունենալու խնդիր է: Միջոցներ պէտք է ունենաս: Ասոր մասին է խօսքը»:

 

 

Նախորդը

«Հրայր Մարուխեան» Հիմնադրամը Կը Կազմակերպէ «Ազատ Լսարան» Ծրագիրը

Յաջորդը

Վրաստանի Փոխվարչապետը Երախտագիտութիւն Յայտնած Է Նախագահ Սերժ Սարգսեանին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.