Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ահաբեկչութեան Դէմ Յաղթած Լիբանանը Պիտի Չարտօնէ, Որ Իր Գերիշխանութեան Դէմ Ոտնձգութիւններ Գործուին» Ընդգծեց Նախագահ Աուն

September 12, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, որ շնորհաւորեց նախագահը` ահաբեկչութեան դէմ լիբանանեան բանակին արձանագրած յաղթանակին առիթով:

Շորթըր նշեց, որ բանակը իր գործադրած «Բարձունքներու արշալոյսը» զինուորական գործողութեան ընդմէջէն փաստեց, որ ինք Լիբանանը պաշտպանելու կարողութիւն ունի:

Շորթըր ցաւակցութիւն յայտնեց կռիւին ընթացքին եւ անկէ առաջ նահատակուած բոլոր բանակայիններուն համար:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու շրջանային իրադարձութիւններուն մասին Լիբանանի կեցուածքը:

Նախագահ Աուն դատապարտեց լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իսրայէլեան օդուժին գործած ոտնձգութիւնները, յատկապէս Լիբանանի դէմ արձանագրուած վերջին խախտումները, երբ այդ օդուժը լիբանանեան օդային տարածքէն ռմբակոծած էր սուրիական հողերը, թռիչքներ գործած էր Լիբանանի վերեւ` Սայտայի մէջ խզելով ձայնի պատը եւ պատճառելով նիւթական վնասներ, ինչպէս նաեւ Քֆարշուպայի մէջ զետեղուած էր իսրայէլեան լրտեսական սարք մը:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Իսրայէլի կողմէ գործուած այս ոտնձգութիւնները բացայայտ խախտում կը նկատուին ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին, ինչպէս նաեւ միջազգային բոլոր որոշումներուն գործադրութեան: «Իսրայէլեան գոյացութեան կատարած այդ ոտնձգութիւնները նաեւ կը նկատուին Լիբանանի անդորրը ելեկտրականացնող բռնարարքներ եւ Լիբանանի կայունութեան դէմ արձանագրուած սպառնալիքներ», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան այս մասին բողոքագիր մը ներկայացուց Ապահովութեան խորհուրդին` շեշտելով, որ այդ բողոքը դիւանագիտական սովորական արարողութիւն մը պիտի չըլլայ, այլ պիտի հետապնդուի: «Հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ յաղթանակ արձանագրած Լիբանանը պիտի չարտօնէ, որ իր գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւններ գործուին», ընդգծեց ան:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որ հանրապետութեան նախագահին փոխանցեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի շնորհաւորութիւնը` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ լիբանանեան բանակին արձանագրած յաղթանակին առիթով:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրները հետաքրքրող հարցեր, յատկապէս նախագահ Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի Եգիպտոս կատարած այցելութիւններուն ընթացքին քննարկուած հարցերը, որոնց շարքին էր երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ գործակցութեան ամրապնդումը:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ընդունեց հիւսիսային Պեքաայի Հաուշ Պարատա գիւղաքաղաքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն ներկայութեան ըսաւ. «Պեքաան նման է Լիբանանին, ուր փոխադարձ յարգանք գոյութիւն ունի: Այս պատճառով ալ շրջանին մէջ Լիբանան կը զատորոշուի պատգամ երկիր ըլլալու իր իրականութեամբ, երբ այլ երկիրներ ատելութեան եւ իրերամերժումի պատերազմներ կը դիմագրաւեն»:

 

Նախորդը

Մոսկուայի Մէջ. Վարչապետ Հարիրի Այսօր Կը Սկսի Իր Պաշտօնական Հանդիպումներուն

Յաջորդը

Յաղթանակի Փառատօն` Նահատակաց Հրապարակին Վրայ

RelatedPosts

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է,  Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ  Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական  Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»
Լիբանանեան

Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է, Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.