Երեք տարի շարունակ բանակայիններու ընտանիքներուն սիրտերը արիւնաքամ դարձուցած եւ լիբանանցիները յուզած էջերէն մէկը այսօր պիտի փակուի, երբ Ազգային սուգի օրուան պարտադրած կսկիծին ներքեւ` Լիբանան այսօր իր վերջին հրաժեշտը տայ նահատակ բանակայիններուն:
2 օգոստոս 2014-ին առեւանգուած եւ լիբանանեան բարձունքներուն ազատագրումէն ետք բացայայտուած նահատակ բանակայիններուն դագաղները պաշտպանութեան նախարարութիւն պիտի հասնին առաւօտեան ժամը 8:30-ին:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն առաւօտեան ժամը 10:00-ին պիտի մասնակցի Եարզէի մէջ տեղի ունենալիք պաշտօնական յուղարկաւորութեան արարողութեան, որուն ընթացքին պիտի արտասանէ խօսք մը եւ պարգեւատրէ նահատակները:
Պաշտօնական յուղարկաւորութեան արարողութեան հրաւիրուած են նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, վարչապետ Սաատ Հարիրի, պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ, ապահովական կառոյցներու պետեր, համայնքները ներկայացնող հոգեւորականներ, ինչպէս նաեւ նահատակներուն ընտանիքները:
Այս արարողութիւնը պիտի շարունակուի իւրաքանչիւր բանակայինի ծննդավայրին մէջ: Պեքաան, Աքքարը եւ լիբանանեան այլ շրջաններ իրենց նահատակ զաւակները պիտի դիմաւորեն եւ հերոսի վայել ժողովրդային յուղարկաւորութիւն պիտի կատարեն:
Ճիշդ է, որ այսօր վերջ պիտի գտնէ նահատակ բանակայիններու ճակատագիրին ու աճիւններու վայրին անորոշութիւնը, սակայն անոնց թղթածրարը բաց պիտի մնայ` նկատի ունենալով անոնց ընտանիքներուն ընդվզումը եւ լիբանանեան իշխանութիւններէն հետաքննութիւն պահանջելու անոնց կամքն ու յստակ կեցուածքը:
Նահատակ բանակայիններու ընտանիքները բոլոր լիբանանցիներէն խնդրեցին օդին մէջ չկրակել իրենց զաւակներուն յուղարկաւորութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ խնդրեցին Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ իրենց լարած վրանները կանգուն պահել, մինչեւ որ իրենց զաւակներուն առեւանգումը պատճառող եւ մեղսակցող յանցագործները պատժուին:
Միւս կողմէ, երէկ ուշ գիշերին լիբանանեան բանակի շրջուն ջոկատ մը Արսալի մէջ խուժեց Ապու Թաքիէի բնակարանը` զայն ձերբակալելու նպատակով, սակայն վերջինս լքած էր իր տունը:
Բանակը շարունակեց Ապու Թաքիէի բնակարանի շրջափակումը եւ ապա Արսալի մէջ խուզարկումի ընդարձակ գործողութիւններու ձեռնարկեց:
Կէս գիշերին շրջանառութեան մէջ դրուած էին լուրեր, թէ Ապու Թաքիէ պահուըտած է Արսալի մզկիթներէն մէկուն մէջ եւ բանակը անկէ կը պահանջէ անձնատուր ըլլալ:
Նշենք, որ բանակայիններու պաշտօնական յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք, նախագահ Աուն նախագահական պալատին մէջ պիտի նախագահէ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին:



