Եւրոպական յանձնաժողովը յայտարարեց. «Թուրքիոյ վարմունքը անոր` Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը կը դարձնէ անկարելի»:
«Թուրքիան կ՛որդեգրէ մեծ քայլեր, որոնք զինք կը հեռացնեն Եւրոպայէն, ինչ որ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը կը դարձնէ անկարելի», ընդգծեց յանձնաժողովը:
Եւրոպական յանձնաժողովը նաեւ նշեց. «(Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան) անդամակցութեան որոշ ժամանակէ ի վեր խանգարուած հոլովոյթի դադրեցման որեւէ որոշում միութեան անդամ 28 անդամներուն ձեռքն է եւ ոչ թէ յանձնաժողովին»:
Մինչ այդ, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտարարեց, որ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուին:
«Մենք պիտի շարունակենք բանակցութիւնները: Այս մասին մենք պիտի խօսինք ներքին երկխօսութիւններու ժամանակ: Քննարկումները մենք պիտի կատարենք անոնց հետ ապագայ յարաբերութիւնները բնորոշելու նպատակով», ըսած է Մոկերինի:
«Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Մոկերինի ընդգծած է, թէ գոյութիւն ունին Անգարան Պրիւքսելէն բաժնող բնագաւառներ, որոնց շարքին` մարդու իրաւունքները, հիմնարար ազատութիւնները եւ լրագրողներու կացութիւնը, սակայն ատիկա չի խանգարեր շարունակել բանակցութիւնները:
Մերքել Կ՛առաջարկէ Քննարկել Թուրքիոյ Անդամակցութեան
Բանակցութիւններու Դադրեցումը
Եւրոպային անհրաժեշտ է յաջորդ վեհաժողովի ընթացքին քննարկել Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւններու հաւանական դադրեցումը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ Պունտըսթակի մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել:
«Ես Եւրոպական Միութեան յաջորդ վեհաժողովի ընթացքին պիտի առաջարկեմ քննարկել Թուրքիոյ հետ ապագայ յարաբերութիւնները, ներառեալ այն հարցը, որ յետաձգուին կամ դադրեցուին միութեան անոր անդամակցութեան բանակցութիւնները», ըսած է Մերքել:
Գերմանիոյ վարչապետը ընդգծած է, որ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները պէտք է միասնականութիւն դրսեւորեն այդ հարցին մէջ: «Տարօրինակ պիտի ըլլար, եթէ մենք Եւրոպական Միութեան մէջ գժտուէինք նախագահ Թայիփ Էրտողանի աչքին առջեւ», ըսած է Մերքել: Ան նշած է.«Թուրքիոյ մէջ իրադարձութիւններու զարգացումը լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ»: Անոր համաձայն, երկիրը «աւելի արագ ու աւելի շատ կը հեռանայ իրաւական պետութեան արժեչափերու ուղիէն»:
Գերմանիոյ կառավարութեան բանբեր Շթեֆեն Զայպերթ մէկ օր առաջ յայտնած էր, որ Եւրոպական Միութեան երկիրներու ղեկավարներու հերթական նիստը նախատեսուած է հոկտեմբերին:
Չաւուշօղլու. «Եւրոպական Միութեան Անդամ Դառնալը
Կը Շարունակէ Մնալ Թուրքիոյ Ռազմավարութիւնն Ու Ընտրութիւնը»
Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, թէ իր երկիրը իսկապէս կը ցանկայ դառնալ Եւրոպական Միութեան անդամ, եւ ատիկա կը շարունակէ մնալ Թուրքիոյ գլխաւոր նպատակներէն մէկը: «Ատիկա կը շարունակէ մնալ մեր ռազմավարութիւնն ու ընտրութիւնը», ընդգծած է Չաւուշօղլու:
Ըստ թուրք նախարարին, Եւրոպան «անարդարացի» է իրենց նկատմամբ, երբ կը քննադատէ Թուրքիոյ մէջ արտակարգ դրութեան իշխանութիւններու կողմէ պարբերաբար երկարաձգումը: Ան յիշեցուցած է, որ ահաբեկչական յարձակումներէն ետք Ֆրանսայի մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութիւնը նոյնպէս քանի մը անգամ երկարաձգուած է:
Յիշեցնենք, որ 24 նոյեմբեր 2016-ին Եւրոպական խորհրդարանը 479 թեր, 37 դէմ եւ 107 ձեռնպահ ձայնով որդեգրած էր Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութիւններու սառեցման մասին որոշում:
Անգարան Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան դիմում ներկայացուցած է 1987-ին, իսկ Եւրոպական Միութիւն մուտք գործելու բանակցութիւնները սկսած են միայն 2005-ին:



