Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. «Ներքաղաքական Գործընթացների Իրողութիւնները Մերձաւոր Արեւելքում» (Հեղինակ` Աբրահամ Գասպարեան)

September 6, 2017
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Երեւանի մէջ 2016-ին լոյս տեսաւ Աբրահամ Գասպարեանի «Ներքաղաքական գործընթացների իրողութիւնները Մերձաւոր Արեւելքում» (դասախօսութեան նիւթերու ժողովածու) գիրքը, բաղկացած` 190 էջերէ: Աշխատութիւնը հրատարակութեան երաշխաւորած է Երեւանի Պետական համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքի գիտական խորհուրդը:

Աբրահամ Գասպարեան կ՛ըսէ, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ քաղաքական անցման դարաշրջանը սկսաւ 2010-ին, Թունուզէն, երբ բարեփոխումներ պահանջող հասարակութեան պոռթկումի առիթ հանդիսացաւ երիտասարդ Մոհամէտ Պու Ազիզի ինքնահրկիզումը: Լիպիոյ մէջ նախագահ Մուամմար Քազաֆիի ղեկավարած բանակը բաժնուեցաւ երկուքի. վարչակարգը տապալեցաւ, բանակը կորսնցուց զէնքի վերահսկողութեան ու տնօրինման մենաշնորհը, զինանոցն ալ յայտնուեցաւ արմատական տարբեր խմբաւորումներու ձեռքը եւ սկսաւ քաղաքացիական պատերազմը: Իսկ Սուրիոյ մէջ բանակը զօրավիգ կանգնեցաւ վարչակարգին:

Քաղաքական իսլամութեան կազմաւորման եւ անոր գաղափարախօսութեան անդրադառնալով Գասպարեան կ՛ըսէ, որ իսլամականներ իսլամութիւնը կը նկատեն կեանքի համընդհանուր ճշմարիտ ճանապարհ` մարդու, հասարակութեան ու պետութեան համար: Անոնք կը հաւատան որ իսլամական հասարակութեան ընկերային, տնտեսական, ռազմական ու քաղաքական ձախողութիւններուն պատճառը արեւմտականացման անյաջող փորձերն են: Իսլամական շարիայի կիրարկումը կ՛երաշխաւորէ առաւել արդար ու բարոյական չափանիշներով առաջնորդուող պետութեան գոյութեան: Բոլոր իսլամներու պարտքն է զոհաբերել սեփական անձը ու դիմել Ժիհատի` յանուն Աստուծոյ:

Խօսելով Սուրիոյ ներքաղաքական խնդիրներուն  եւ Թուրքիոյ դերակատարութեան մասին Գասպարեան կ՛ըսէ, որ Թուրքիա միշտ փորձած է մոռացութեան տալ պատմականօրէն սուրիական Ալեքսանտրէթի սանճաքի հնարաւոր վերադարձի հարցի անգամ խօսակցութիւնները: «Ռազմավարական գործընկերութեան» տարիներուն Թուրքիա տնտեսապէս ներթափանցեց Սուրիա, որուն պատճառով Հալէպի մէջ փակուեցան ու լուծարքի ենթարկուեցան թեթեւ ու ծանր արդիւնաբերութեան տեղական 750 ձեռնարկութիւններ:

Գասպարեան կ՛ըսէ նաեւ, որ Լիբանան աշխարհաքաղաքական շահերու բախման մերձաւոր արեւելեան ամենամեծ ճակատն է:

Խօսելով Ծոցի պատերազմներուն մասին Գասպարեան կ՛ըսէ, որ 20-րդ դարու վերջաւորութեան Ծոցի շրջանը աշխարհի ամէնէն լարուած կէտերէն էր: Տեղի ունեցան Ծոցի երեք պատերազմներ: Առաջին` 1980-1988 Իրաք-Իրան պատերազմը: Երկրորդ` 1990-ին Իրաքի Քուէյթ ներխուժումը եւ 1991-ին բազմազգ ուժերու Պաղտատի վրայ յարձակումը: Երրորդ` 2003-ին, Միացեալ Նահանգներու եւ դաշնակիցներու Իրաք ներխուժումը: Սատտամ Հիւսէյնի վարչակարգին տապալումը մեկնակէտ հանդիսացաւ սիւննի-շիի պատերազմին: Արմատական իսլամի ծայրայեղական դրսեւորումներուն համար Իրաք դարձաւ պարարտ հող:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (6 Սեպտեմբեր 1967)

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Համազասպ» (Հեղինակ` Գէորգ Ստեփանեան)

RelatedPosts

Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի
Մշակութային եւ Այլազան

Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի

October 16, 2026
Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է

October 9, 2026
Պատերազմները Դադրեցնել, Փրկել Գետերը
Մշակութային եւ Այլազան

Պատերազմները Դադրեցնել, Փրկել Գետերը

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.