Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակի Հրամանատարը Կը Յայտարարէ Ռաս Պաալպեքի Եւ Քաայի Բարձունքներուն Վերադարձը Լիբանանեան Գերիշխանութեան

August 31, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ լիբանանեան բանակին ուղղեց օրուան հրահանգը, որուն մէջ շեշտեց, որ ահաբեկչութեան դէմ «Բարձունքներու արշալոյսը» ճակատամարտին արձանագրած յաջողութեամբ կարելի եղած է երկրին բարձունքներուն վերեւ Լիբանանի դրօշը բարձրացնել եւ Ռաս Պաալպեքէն ու Քաայի բարձունքներէն դուրս շպրտել ահաբեկչութիւնը:

«Ձեր ջանքերուն եւ ձեր նահատակ զինակիցներուն արեամբ կերտուած այս յաղթանակով Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքները վերադարձան լիբանանեան գերիշխանութեան», ըսաւ զօր. Աուն:

Ան բանակին անունով ցաւակցութիւն յայտնեց ահաբեկչութեան նահատակ առեւանգուած բանակայիններու ընտանիքներուն եւ զօրակցութիւն յայտնեց անոնց` շեշտելով, որ այդ հերոսներուն յիշատակը իրենց համար անմոռանալի պիտի դառնայ:

«Ձեր հերոսութեամբ դուք կրցաք փակել Լիբանանի պատմութեան ամէնէն ցաւալի էջերէն մէկը: Այս առիթով կ՛ողջունեմ ձեզ` յաղթանակ կերտելու համար, լիբանանցիները` բանակին ամբողջական նեցուկ կանգնելնուն համար, իսկ մեծագոյն ողջոյնը կ՛երթայ նահատակներուն, որոնք իրենց արեամբ կերտեցին յաղթանակի արշալոյսը», ընդգծեց զօր. Աուն:

Ան հաստատեց, որ բանակին դէմ տակաւին կը ծառանան այլ դժուարութիւններ ու մարտահրաւէրներ, որոնք կը մարմնաւորուին թշնամի Իսրայէլով եւ ահաբեկչական բջիջներով: «Դուք միշտ պատրաստ պէտք է ըլլաք կատարելու զինուորականի ձեր առաքելութիւնը`  պաշտպանելու հայրենիքն ու անոր սահմանները», ըսաւ ան:

Նշենք, որ զօր. Աուն երէկ երեկոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար զօր. Ճոզըֆ Ֆոթելէն:

Զօր. Ֆոթել շնորհաւորեց զօր. Աունը «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան արձանագրած յաղթանակին առիթով:

Ան շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնը պիտի շարունակուի` նկատի ունենալով, որ բանակին տրամադրուած զինուորական սարքերը ազդու դերակատարութիւն ունեցած են այդ գործողութեան յաջողութեան մէջ:

Միւս կողմէ, բանակը գուժեց «Բարձունքներու արշալոյսը» ճակատամարտի ընթացքին ծանրօրէն վիրաւորուած տասնապետ Արեֆ Տիպի նահատակութիւնը:

Տիպի մարմինը փոխադրուեցաւ իր ծննդավայրը Տըննիէի Պէյթ Ֆաքս գիւղաքաղաքը, ուր անոր յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ` ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Քասեմ Ապտել Ազիզի, բանակի հրամանատարի ներկայացուցիչ գնդապետ-զօրավար Ուալիտ Հաժի եւ մեծ թիւով քաղաքացիներու:

Իր արտասանած դամբանականին մէջ Հաժ ողջունեց նահատակները, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ յաղթել Լիբանանի սպառնացող ահաբեկչութեան վտանգներուն եւ պատմական նուաճումներ արձանագրել:

Հաժ բարձր գնահատեց լիբանանցիներուն զօրակցութիւնը լիբանանեան բանակին, որ կը պայքարի ի խնդիր Լիբանանի միասնականութեան եւ ապահովական կայունութեան:

Մինչ Տըննիէի մէջ նահատակ բանակայինի մարմինը հողին կը յանձնուէր, Աքքար -Քըպէյաթ դիմաւորեց բանակի արագ միջամտութեան Ա. վաշտը:

«Բարձունքներու արշալոյսը» ճակատամարտէն վերադարձող բանակի զինուորները արժանացան ժողովրդային ջերմ դիմաւորումի:

Ռաս Պաալպեքի բնակիչները իրենց կարգին Լիբանանի ու բանակին դրօշներով, բրինձով ու վարդերով դիմաւորեցին Ռաս Պաալպեքի բարձունքներու ազատագրումին մասնակցած բանակի ջոկատները, յատկապէս անկարգելաւորները, որոնք կը վերադառնային իրենց զօրամասերը:

Պատկերը նոյնն էր նաեւ Ամշիթի մուտքին, ինչպէս նաեւ Պաթրունի մայրուղիին վրայ:

Պեքաայէն վերադարձող բանակայինները Թրիփոլիի մէջ դիմաւորուեցան հրավառութեամբ եւ ոչխարներու զենումով:

Առեւանգուած բանակայիններու ընտանիքներուն անունով Հիւսէյն Եուսեֆ յայտնեց, որ իրենք իրենց զաւակներուն աճիւնները պիտի ստանան եւ պիտի պատուեն զանոնք` միաժամանակ պահանջելով մահապատիժի ենթարկել իրենց զաւակներուն սպանութեամբ դատապարտուած Ռումիէի բանտի արգելափակեալները:

Մինչ այդ, անպաշտօն աղբիւրներու համաձայն, Ուատի Տըպի մէջ բացայայտուած աճիւններուն «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութեան արդիւնքները ցարդ ցոյց տուած են, թէ անոնցմէ 6-ը առեւանգուած բանակայիններուն են: Նոյն աղբիւրները նշեցին, որ նահատակ բանակայիններուն ազգային թաղումը պիտի կատարուի 7 սեպտեմբեր 2017-ին, որ Ազգային սուգի օր պիտի յայտարարուի:

Նախորդը

«Կը Շնորհաւորենք Լիբանանը Անոր Բանակին Եւ Դիմադրութեան Գործողութիւններուն Արձանագրած Նուաճումներուն Առիթով» Շեշտեց Պըրրի

Յաջորդը

Ահաբեկչութեան Դէմ Լիբանանի Յաղթանակը Պաշտօնապէս Յայտարարուեցաւ Պաապտայէն . Նախագահ Աուն. «Այսօր Կը Յայտարարենք Ահաբեկչութեան Դէմ Լիբանանի Յաղթանակը»

RelatedPosts

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն  Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնեու Պաքու`  Մարդասիրական Առաքելութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնեու Պաքու` Մարդասիրական Առաքելութեամբ

October 5, 2026
Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու  Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի  Գերագոյն Դատարան
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի Գերագոյն Դատարան

October 5, 2026
Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ  Որոշում Մը Պիտի Տամ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ Որոշում Մը Պիտի Տամ»

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.