Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էսդուգեան. «Պոլսահայ Երեխաները Թրքական Դպրոց Տանիլը Քաղքենիութեան Հետեւանք Է»

August 29, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոր ուսումնական տարին Պոլսոյ հայկական դպրոցներուն նոր անակնկալներու փոխարէն նոր տհաճութիւններ կը խոստանայ: Տեղւոյն հայկական  վարժարաններէն շատեր ուսումնական տարին պիտի սկսին առանց առաջին դասարանի աշակերտներու: Կարգ մը դպրոցներ ալ չեն կրցած հոգալ իրենց ֆինանսական խնդիրները:

Ըստ «Սփութնիք»-ի, Պոլսոյ հայկական  «Ակօս» պարբերականի հայկական բաժինի խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան ըսած է, որ խնդիրը ոչ թէ երեխաներու թիւի նուազումն է, այլ զանոնք թրքական  դպրոց ուղարկելը: Այս սպառնալիքը առկայ է եւ կը սկսի մանկապարտէզներէն: «Եթէ առաջ ծնողները կը նախընտրէին երեխան նախ հայկական վարժարան տանիլ, յետոյ միայն` օտար, որպէսզի հայերէնի հիմքերը ամուր ըլլային, հիմա մօտեցումը փոխուած է:  Ինչ որ, ի հարկէ, մերժելի եւ պախարակելի է»:

Օտար վարժարաններ ընտրելու պատճառը, Էսդուգեանի համոզումով, քաղքենիութիւնն է ու միայն քաղքենիութիւնը: Միւս բոլոր թուարկուող պատճառաբանութիւնները` առնչուած կրթութեան որակի կամ դասագիրքերու չգոյութեան, ուղղակի այդ քաղքենիութեան եւ օտարամոլութեան արդարացումներ են: Վերջին տարիներուն սփիւռքի  նոր սերունդին մէջ հայկական ամէն ինչէն հեռանալու, օտարանալու մոլուցք կայ, կը նկատէ  հայկական պարբերականին խմբագիրը: Անոր համաձայն, ամբողջ աշխարհի մէջ երիտասարդ սերունդը կ՛օտարանայ հայկականէն, հայոց լեզուէն: «Անոնց հիմնական մասը արդէն հայախօս չէ: Իսկ մայրենին կը սկսի ոչ թէ մանկապարտէզէն կամ դպրոցէն, այլ տունէն` մօրմէն, հօրմէն ու ընտանիքէն: Բայց մեր ընտանիքներուն մէջ, ցաւօք, սկսած է իշխող լեզուն թրքերէնը ըլլալ, անգլերէնը կամ, ըսենք, ռուսերէնն ու ֆրանսերէնը», կ՛ըսէ ան եւ կ՛աւելցնէ, որ կ՛ըլլան նաեւ դէպքեր, երբ խառն ամուսնութիւններու պատճառով ծնած երեխան կը սկսի խօսիլ հայերէն` ունենալով օտար ազգի մայրիկ: Աւելի՛ն` հայերէն կը խօսին նաեւ այլազգի մայրիկները:

Նշենք, որ Պոլսոյ մէջ կը գործէ 16 հայկական վարժարան, որոնցմէ 13-ը սեփական են, 3-ն ալ կը նկատուին համայնքին ընդհանուր սեփականութիւնը: Այս դպրոցներուն մէջ կրնան սորվիլ միայն հայ քրիստոնեայ ընտանիքի զաւակները` ներկայացնելով նախ մկրտութեան թուղթ:

Նախորդը

Ինչպէ՞ս Հայրենասիրութիւնը Դնել Հայրենադարձութեան Մայրուղիի Վրայ

Յաջորդը

Հայրենի Լուրեր

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.