Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Օգոստոս Դ.- Սփիւռքի Չխամրող Ներկայութիւնը

August 28, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայրենիք-սփիւռք  ըմբռնումները աղօտելու սկսած են կարծէք հայկական մեր իրականութեան մէջ:

Անկախ մեր հայրենիքին հզօրացումը, անոր յաջողութիւններն ու ձեռքբերումները մեզ խթանող երեւոյթներ են անտարակոյս, որոնց համար իր կարելին ի գործ կը դնէ  նաեւ սփիւռքը ու կը ներշնչուի այդ ձեռքբերումներով: Սփիւռքը եւս գոյատեւելու եւ մաքառելու հրամայականին առջեւ կը գտնուի սակայն, որովհետեւ պահանջատիրական պայքար ունի եւ իրմէ խլուած իրաւունքներուն վերատիրանալու, զանոնք պահանջելու առաքելութիւն ունի տակաւին:

Պահ մը մոռցած ենք կարծէք, որ սփիւռքի մէջ ալ աւելի քան 100 տարի պահած ու զարգացուցած ենք հայկական մեր գոյութիւնը: Սփիւռքի մէջ ալ ապրած ու ծաղկած ենք որպէս հայ: Պահպանած ենք խլուած մեր հայրենիքի ժառանգութիւնը, լեզուն` արեւմտահայերէնը, աւանդոյթներն ու այն ամէնը, որոնք մեր ինքնութիւնը կ՛ամրագրեն:

Սփիւռքը այնքան թերագնահատել սկսած ենք, որ անոր գոյութիւնը պահպանելու, զօրացնելու փոխարէն` սկսած ենք ականջ տալ սփիւռքի մայրամուտը երգողներուն միայն:

Դէպի ո՞ւր կ՛ուղղուինք եւ ինչո՞ւ: Վա՞ր առած ենք մեր զէնքերը ու 100 տարուան մեր կառուցածը այնքա՛ն կը թերագնահատենք, որ նոյնիսկ չենք կարդար մեր պատմութիւնը:

Հայաստանը մեր հայրենիքն է, ի՛նչ խօսք: Անոր յաջողութիւնները մեզ կը ներշնչեն ու կը լիցքաւորեն, հարկա՛ւ: Բայց պիտի բաւարարուի՞նք անոր ներկայ սահմաններով: Հայաստան այցելելո՞վ միայն պիտի կարենանք պահպանել մեր գոյութիւնը սփիւռքի մէջ: Ամբողջական հայրենիքին, անոր մշակութային արժէքներուն մեր կառչածութիւնը, մեր հաւատքը անցեա՞լ պիտի համարենք այլեւս: Պատմական մեր հայրենիքին իրաւատէրերը ըլլալէ պիտի դադրի՞նք այլեւս:

Ինչո՞ւ այս թերահաւատութիւնը համակած է մեզ: Սթափինք մեր մրափէն ու բազմապատկենք մեր գոյութեան հիմքերուն պահպանման, մեր Դատին հետապնդման ուղղուած  ճիգերը: Սփիւռքի մէջ ալ կարելի է հայ մնալ ու զարգացնել մեր լեզուն, մեր մշակոյթը, հետապնդել մեր Դատը, մինչեւ որ յուսատու վախճան մը ունենայ ան:

Այլապէս ինչո՞ւ հիմնած ենք մեր դպրոցները, մեր մշակութային կեդրոնները, ինչո՞ւ հաստատած ենք Հայ դատի գրասենեակները, ինչո՞ւ պահպանած ենք մեր եկեղեցիները, վանքերը, ինչո՞ւ կը մաքառինք ազդեցիկ ներկայութիւն դառնալու` մեր ապրած միջավայրին մէջ:

Սփիւռքը նշանակալից դեր ունի հայապահպանման, Հայ դատի հետապնդման նուիրական իր առաքելութեամբ: Ուժեղ սփիւռքն է, որ նեցուկ պիտի կանգնի նաեւ անկախ մեր հայրենիքին: Ուրեմն լուսանցքի տակ չպահենք անոր դերը: Ընդհակառա՛կը, յստակատեսութեամբ նայինք հայկական մեր ամբողջական պատկերին:

«Գ.»

Նախորդը

Առանց Աճապարելու

Յաջորդը

Ուխտագնացութիւն Դէպի Ազատագրուած Հայկական Ղնեմիէ Գիւղ

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.