Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Եւ Դեսպան Ռիչըրտ Միլզ Քննարկած Են Հայաստանի Մէջ Իրականացուող Բարեփոխումները

August 26, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ ընդունած է Հայաստանի մէջ  Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզը:

Վարչապետը կարեւոր նկատած է արդէն աւանդական դարձած պարբերական հանդիպումները, որոնք լաւ առիթներ են հայ-ամերիկեան համագործակցութեան ընթացքի եւ զարգացման հեռանկարներու շուրջ միտքեր փոխանակելու համար:

Դեսպան Միլզ նախ իր ափսոսանքը յայտնած է «Խոսրովի անտառ» պետական արգելոցին մէջ բռնկած հրդեհին համար` նշելով, որ Միացեալ Նահանգներ լսելով չէ, որ գիտեն, թէ ինչ բարդութիւններ կան նման աղէտներու դէմ պայքարին մէջ: Ան նշած է, որ դեսպանութիւնը կապի մէջ է Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու եւ Հայաստանի բնապահպանութեան նախարարութիւններուն հետ` հրդեհի հետեւանքներու վերացման գործին մէջ նախարարութիւններուն արհեստագիտական եւ փորձագիտական օժանդակութեան ուղղութիւնները յստակացնելու նպատակով: Անդրադառնալով գործարարական միջավայրի բարելաւման եւ փտածութեան դէմ պայքարին` դեսպան Միլզ նշած է. «Ես ջերմօրէն կ՛ողջունեմ փտածութեան դէմ պայքարին եւ գործարարական միջավայրի բարելաւման ուղղուած ձեր ջանքերը, որոնք յանգեցուցած են Հայաստանի նկատմամբ ամերիկեան ընկերութիւններու եւ ներդրողներու հետաքրքրութեան աստիճանի բարձրացման»:

Անդրադառնալով փտածութեան դէմ պայքարին, ինչպէս նաեւ Պետական եկամուտներու կոմիտէի գործունէութեան` վարչապետ Կարէն Կարապետեան նշած է, որ հաճելի է այս մարզերուն մէջ կառավարութեան կողմէ իրականացուող քայլերուն մասին նման կարծիք լսել: «Սակայն այս ուղղութիւններով տակաւին շատ ընելիքներ ունինք, եւ բարեփոխումները շարունակական բնոյթ պիտի կրեն: Ունինք վճռականութիւն` գործարար միջավայրը բարելաւելու, փտածութեան դէմ պայքարելու հարցերուն նկատմամբ, քանի որ այդ ամէնը պարզապէս անհրաժեշտութիւն է տնտեսութեան զարգացման համար», ընդգծած է վարչապետը:

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան եւ դեսպան Ռիչըրտ Միլզ քննարկած են նաեւ արդարադատութեան մարզին մէջ իրականացուող բարեփոխումները:

Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վերաբերող շարք մը այլ հարցեր:

 

Նախորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Դատապարտած Է Ռիչըրտ Հոկլընտի Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

Ռուստամեան. «Հոկլընտը Նոր Բան Չէ Ըսած, Իսկ Մեր Մօտեցումները Նոյնն Են»

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.