Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանական Պատերազմական Օդանաւեր Թռիչքներ Կը Գործեն Նախիջեւանի Մէջ

August 25, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ռազմ.ինֆօ» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի օդուժը 23 օգոստոսին ռուսական «Սու 25» տիպի պատերազմական օդանաւերով մարզումներ կատարելու համար թռիչքներ իրականացուցած է Նախիջեւանի մէջ. այս մասին տեղեկացուցած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան կցուած տեսագրութեան մը մէջ կ՛երեւին առնուազն 2 օդանաւեր, որոնք արդիականացուած են եւ կրնան ընդհանուր առմամբ 32 տեսակի սպառազինութիւն կրել, ներառեալ` օդ-ցամաք չկառավարուող եւ օդ-օդ կառավարուող հրթիռներ:

Ազրպէյճան վերջերս աշխուժ ռազմափորձեր կը կատարէ Նախիջեւանի մէջ, սակայն առաջին անգամ ըլլալով է, որ կը նկատուի պատերազմական օդանաւերու մասնակցութիւն:

Անցած ապրիլին, Նախիջեւանի մէջ տեղի ունեցած էին «զօրքերու մարտունակութեան ստուգման» ռազմափորձերը, որոնց մասնակցած էին Նախիջեւանի առանձին համազօրային բանակի, ինչպէս նաեւ առողջապահութեան նախարարութեան ու զօրակոչի պետական ծառայութեան անձնակազմերը:

Ապա` յունիսին, Նախիջեւանի մէջ տեղի ունեցած էր Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու միացեալ ռազմափորձը, մասնակցութեամբ մօտաւորապէս 5000 զինուորներու եւ 250-է աւելի զինուորական մեքենաներու, ներառեալ` «Մի 8» եւ «Մի 24» ուղղաթիռներ, որոնցմէ չորսական միաւոր կը պահուի Նախիջեւանի մէջ:

 

Նախորդը

ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պատերազմը Կը Շարունակուի Աւելի Եւս Սեղմելով Ահաբեկիչներու Շրջափակումի Օղակը

Յաջորդը

Թրքական Մասնայատուկ Ուժերը «Ծպտեալ» Հայերու Բացայայտման Արշաւի Սկսած Են

RelatedPosts

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ

November 4, 2026
Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի,  Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը  Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»
Հայկական

Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»

November 4, 2026
Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի  Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»
Հայկական

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.