ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, թէ 16 օգոստոսի 2017-ին Երիտասարդական գրասենեակին նախաձեռնութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Ծաղկաձոր քաղաքին մէջ սկիզբ առաւ ՀՅԴ ԱՊՀ երկիրներու ուսանողական բանակումը: Բանակումին կը մասնակցին աւելի քան 100 ուսանողներ:
Մասնակիցներուն ողջոյնի խօսք յղեցին ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտչեան եւ բանակումի ընդհանուր պատասխանատու Խաչատուր Ստեփանեան:
Սարգիս Մկրտչեան կարեւոր նկատելով նման ձեռնարկի մը իրականացումը, շեշտը դրաւ բանակումի նպատակին վրայ, որն է ԱՊՀ երկիրներու տարածքին, յատկապէս Ռուսիոյ, երիտասարդները համախմբելը, զանոնք կազմակերպելը, վերածելը ուժի մը, հզօր ուժի, որ ի զօրու ըլլայ իր գործունէութեամբ նպաստելու հայրենիքի հզօրացման եւ զարգացման: Ս. Մկրտչեան յոյս յայտնեց, որ բանակումը իսկապէս կը ծառայէ իր նպատակին:
Խաչատուր Ստեփանեան կարեւոր նկատեց անկախ պետականութեան կայացման եւ հզօրացման գործին մէջ հայ երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան դերն ու ընելիքը: Խ. Ստեփանեանի համաձայն, բանակումին մասնակիցները կարեւոր ընելիք ունին իրենց շրջապատին մէջ` ի նպաստ հայոց պետականութեան հզօրացման լայնածաւալ գործունէութիւն իրականացնելու մէջ:
Բանակումին առաջին օրը շրջաններու ներկայացուցիչները ներկայացուցին իրենց պատկան շրջանի երիտասարդութեան իրավիճակը, խնդիրներն ու իրենց կատարած աշխատանքները:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան դասախօսութեամբ մը ներկայացուց Հայ դատի աշխատանքները եւ պատասխանեց ներկաներու բազմաթիւ հարցումներուն:
Բանակումը պիտի տեւէ 5 օր, անոր ընթացքին մասնակիցները պիտի հետեւին Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, հայկական սփիւռքին, ՀՅԴ-ի պատմութեան եւ կատարելիք աշխատանքներուն, երիտասարդութեան դերակատարութեան մասին դասախօսութիւններու: Դասախօսութիւններուն նիւթերը առանձին պիտի քննարկուին աշխատանոցներու ընթացքին, ուր բանակումին մասնակիցները կարելիութիւն պիտի ունենան քննարկուող հարցերուն վերաբերեալ ներկայացնելու իրենց տեսակէտները: Բանակումին ընթացքին պիտի ըլլան նաեւ արշաւներ, խաղեր, խրախճանք, խարոյկահանդէս:
Բանակումին կարգախօսն է` «Կազմակերպուածութիւնը ուժ է»:




