Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՎԵՐՍԿՍԵԼՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

October 27, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանին մէջ չորեքշաբթի օրուան հանդիպումին շրջագիծին մէջ վերահաստատեց Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքին վերաբերող խորհրդաժողովին անհրաժեշտութիւնը:

Պըրրի ընդգծեց այս մասին զրոյց մը կատարելու կարեւորութիւնը` դրուատելով քրիստոնեաներուն պատմական դերակատարութիւնը` իբրեւ շրջանի բնիկները:

Խորհրդարանի նախագահը նկատել տուաւ, որ ինք պիտի նշանակէ խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ այդ խորհրդաժողովին:

Խորհրդարանի նախագահը երեսփոխաններուն հետ քննարկեց նաեւ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնն ու Սուրիոյ իրադարձութիւնները` դիտել տալով, որ Սուրիոյ մէջ բարեկարգումները արդէն իսկ ընթացք առած են եւ ներքին սուրիական երկխօսութիւնը սկսած է:

Անդրադառնալով պաղեստինեան հարցին` Պըրրի զգուշացուց այդ թղթածրարին դէմ նիւթուող դաւադրութիւններէն:

Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց օրէնսդրական լիագումար նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ չորեքշաբթի, 2 նոյեմբերին:

Նշենք, որ Պըրրի ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որուն հետ քննարկեց ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի յատուկ խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբին աշխատանքները, ինչպէս նաեւ 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծին վերաբերող հարցեր:

Միւս կողմէ, Պըրրի «Սաֆիր» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին ակնարկեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի յայտարարութիւններուն` ըսելով, որ անոնք տրամաբանական էին եւ առողջ դիտանկիւնէ մեկնած կեցուածքներ էին:

«Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, խորհրդարանի նախագահը նկատել տուաւ, որ ինք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ անգամ մը եւս պիտի արծարծէ լիբանանեան ազգային երկխօսութեան վերսկսելու կարելիութիւնները, հակառակ լիբանանցիներուն դիմագրաւած լուրջ մարտահրաւէրներուն:

Պըրրի նկատել տուաւ, որ նախագահ Սլէյման իմաստուն է եւ նախանձախնդիր` Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն շահերուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ կը մերժէ լիբանանցիներուն միջեւ արձանագրուող ուղղահայեաց երկփեղկումը:

Պըրրի շեշտեց ազգային երկխօսութեան վերադառնալու անհրաժեշտութիւնը:

 

Նախորդը

ՇԷՅԽ ՔԱՊԱԼԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՊԱՏԻՆcccccccccc

Յաջորդը

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ՄԵԾՆ ԲՐԻՏԱՆԻԱ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՒԷՐ ՄԸ ՍՏԱՑԱՒ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։