Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յանցագո՞րծ, Թէ՞ Մարդասէր

August 11, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ֆրանսական դատարանը ֆրանսացի հողագործ Սետրիք Հիրոն 4 ամիս բանտարկութեան դատապարտած է «ապօրինի գաղթականներու Ֆրանսայի տարածք մուտք գործելու օգնելուն համար»: Վճիռը պիտի չգործադրուի. դատաւորը յայտնած է, թէ վճիռը զգուշացում մըն է միայն, «սակայն եթէ անգամ մը եւս դատապարտուիս, ապա արձակուած վճիռը պիտի գործադրուի»: Հիրօ մեկնաբանելով վճիռը ըսած է.«Պէտք է զիս բանտարկեն, ատիկա անոնց համար դիւրին լուծումն է: Նոյնիսկ բանտին մէջէն պիտի շարունակեմ պայքարիլ»` նշելով, որ վճիռը պիտի բողոքարկէ:

Հիրօ նոյն ամբաստանութեամբ 6-րդ անգամ ըլլալով կը դատապարտուի: Նախապէս ան ամբաստանուած է Էրիթրիայէն ապօրինաբար Ֆրանսա մուտք գործած շուրջ 50 գաղթականներ պատսպարելուն համար: Ան նախապէս ալ Իտալիոյ սահմանին մօտ գտնուող իր ագարակին մէջ հիւրընկալած է հարիւրաւոր գաղթականներ եւ անոնց օգնած հասնելու այլ քաղաքներ ու գիւղեր, որպէսզի այդտեղ ապաստանի դիմում ներկայացնեն:

Օրէ՞նք, թէ՞ կարեկցութիւն. ո՞րն է աւելի կարեւոր: Առանց պետութեան մը արտօնութեան անոր տարածք մուտք գործելը, ըստ օրէնքի, յանցանք է: Բնական է, որ պետութիւնները ազգային ապահովութեան, տնտեսական եւ օրէնքի իշխանութեան նկատառումներէն մղուած կ՛արգիլեն ապօրինի ներգաղթը: Պետութիւն մը իր օրէնքներու խախտումը չի կրնար արտօնել, այլապէս քաջալերած կ՛ըլլայ անօրէնութիւնն ու քաոսը եւ վտանգած երկրին քաղաքացիներն ու իր իշխանութիւնը: Այս առումով` օրենսդրութիւնը կարեւոր է, առաւել եւս այդ օրէնքներու յարգումն ու գործադրութիւնը: Վերջինս է քաղաքակիրթ երկիրի մը եւ քաղաքակիրթ ժողովուրդի մը արժէչափը:

Միւս կողմէ` Եւրոպա հասնելու համար ընտանիքին ու իր կեանքը վտանգող ապօրինի գաղթականը, ինչպէս իւրաքանչիւր մարդ արարած, արժանապատիւ կեանք մը ապրելու, այդ կեանքին ապահովման ձգտելու եւ ատոր հասնելու յոյսն ունենալու իրաւունքն ունի: Այդ գաթականները այդ յոյսը ունենալու համար է, որ կը վտանգեն եւ Միջերկրական ծովուն մէջ կը կորսնցնեն իրենց կեանքերը: Անոնք անյուսութեան ճիրաններէն փախուստ տալով կը թռչին դէպի յոյսի նշոյլը, դէպի բարօր կեանքի առասպելը, հեքիաթային Եւրոպայի կամ մահուան գիրկը:

Իսկ ո՞վ է վերոնշեալ ֆրասնացի հողագործը: Ապօրինի գաղթականներուն իր մօտ յայտնուելուն իրերայաջորդ եւ բնականաբար ոչ պատահական դէպքերը թերեւս ոմանց մղեն մտածելու, թէ ան պարզ «յանցագործ» մը չէ, այլ մարդոց մաքսանենգութեամբ զբաղող քրէական աշխարհին մէկ անդամը: Դատաւորին արձակած մեղ վճիռը ցոյց կու տայ, թէ իրողութիւնը այլ է: «Յանցագործ» հողագործին իր դէմ արձակուած դատավճիռին մեկնաբանութիւնն ու զայն բողոքարկելու վճռակամութիւնը խոր համոզումի մը արտայայտութիւնն է: Մաքսանենգները իրենց գործը թիւրացնելու եւ բեռը թեթեւցնելու համար պարզապէս կը շահագործեն անոր մարդասիրութիւնն ու կարեկցանքի զգացումները:

Ուրեմն ո՞վ է ան. յանցագո՞րծ մը, թէ՞ մարդասէր մը. յաչս օրէնքին յանցագործ մը, իսկ յաչս խղճին մարդասէր մը: Այդ է պատճառը, որ հակառակ նոյն յանցանքը բազմաթիւ անգամ գործած ըլլալուն, անոր դէմ արձակուած է «դիտողութեան» համազօր մեղմ վճիռ մը: Այլ խօսքով` գաղթականներուն նկատմամբ իր ցուցաբերած կարեկցանքին համար իր կարգին արժանացած է բարեխիղճ դատաւորի մը կարեկցանքին:

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Սեւրի Դաշնագիրը Եւ Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի «Քինկ-Քրէյն» Եւ «Հարպորտ» Առաքելութիւնները – Բ.

Յաջորդը

Քաղաքական Անդրադարձ. Քրտական Ազգայնականութեան Ծնունդը Եւ Հայկական Հարցի Գործօնը 1890-1914

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.