Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Աշխատավարձի Յաւելումներուն Հարցը Քննարկումի Ընթացքին Մէջ Է» Շեշտեց Նախագահ Աուն

August 10, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Տնտեսական խորհուրդները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ, նախկին նախարար Ատնան Քասսարի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ խորհրդարանին վաւերացուցած աշխատավարձի յաւելումներուն օրէնքը հանրապետութեան նախագահութեան կողմէ քննարկուելու ընթացքին մէջ է եւ քննարկումի աւարտին կարելի պիտի դառնայ այդ իմաստով յստակ որոշում մը տալ` պահպանելով երկրին տնտեսական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ ելեւմտական համակարգի առողջ ընթացքը:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ լիբանանցիներուն ճնշող ապրուստի եւ ընկերային պայմաններուն բարելաւումը, ինչպէս նաեւ տնտեսական տագնապի լուծումը գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններուն միջեւ միացեալ աշխատանքի կը կարօտին:

Ան նշեց, որ այս երկու իշխանութիւններուն կողմէ վաւերացուած օրէնքներուն գործադրութիւնը պատասխանատուութիւն է եւ կ՛ենթադրէ անոր արդիւնքներուն նկատմամբ հետեւողականութեան պահպանումը:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ աշխատավարձի յաւելումներուն վերաբերող օրէնքներուն վաւերացումը ժողովուրդի տարբեր շերտերուն միջեւ կրնայ ընկերային տագնապներ պատճառել, հետեւաբար պէտք է անպայման որոշ խախտումները սրբագրութեան ենթարկել:

Նախագահ Աուն աւելցուց նաեւ, որ աշխատավարձի յաւելումներուն որոշումը արդէն իսկ ուշացած է եւ անոր զուգահեռաբար պարտադրուած են նոր տուրքեր, եւ այդ պատճառով է, որ երկիրը հասած է այս կացութեան:

Նշենք, որ Ատնան Քասսար, Դրամատուներու սեփականատէրերու միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյ եւ Պէյրութի առեւտրականներու միութեան նախագահ Նիքոլա Շամմաս նախագահ Աունին ներկայացուցին աշխատավարձի յաւելումներուն մասին Տնտեսական խորհուրդներուն դիտողութիւնները եւ այդ յաւելումներուն ու պարտադրուած տուրքերուն ունենալիք հետեւանքները երկրին տնտեսական իրավիճակին վրայ:

Քասսար նշեց, որ խորհրդարանին վաւերացուցած տուրքերը բաւարար չափով սերտուած եւ ուսումնասիրուած չեն:

Ան նշեց, որ այդ յաւելումներուն գործադրութիւնը պիտի ցնցէ Լիբանանի ելեւմտական դրութեան կայունութիւնը` աւելցնելով, որ Տնտեսական խորհուրդներուն կողքին շատեր, ինչպէս նախարարներ, քաղաքական ուժեր, սենտիքաներ եւ համադաշնակցութիւններ նոյնպէս դժգոհ են յաւելումներու վաւերացման ընթացքէն:

Քասսար ընդգծեց, որ Լիբանան կարիք ունի տնտեսական ամբողջական ծրագիրի մը, որ տիրող այս կացութեան արմատական լուծում ապահովէ:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Կը Կասկածիմ, Որ Նախագահ Աուն Աշխատավարձի Յաւելումներուն Օրէնքը Վերադարձնէ Խորհրդարան»

Յաջորդը

Հարիրի Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանը Միջամուխ Չդարձնելու Առանցքներու Միջեւ Պայքարին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.