Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 5, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Քեսրուանի հեղինակութիւնները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն ներկայութեան շեշտեց, որ փտածութեամբ ամբաստանուած բոլոր յանցագործներուն անձեռնմխելիութիւնը պէտք է վերացնել, որպէսզի տնտեսական կացութիւնը կայունանայ եւ բարելաւում արձանագրէ:

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կը յապաղի աշխատավարձի յաւելումներու օրէնքը ստորագրելու իմաստով, որպէսզի սերտէ նաեւ պարտադրուելիք տուրքերուն վերաբերող օրէնքը:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ պետական ամավարկի վաւերացումը շատ արագ պիտի կատարուի, նոյնիսկ աշխատավարձի յաւելումի ամիսը լրացնելէ առաջ:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ուզած է կառավարութիւնը մղել տնտեսական ծրագիր մը մշակելու լուրջ աշխատանքի:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց երեսփոխան Պութրոս Հարպը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր շեշտեց, որ սուրիական բանտերուն մէջ անյայտ կորսուած լիբանանցիներու թղթածրարին լուծումը իրաւացի պահանջ է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը պատրաստ է եւ կարող է առանձինն տապալել ՏԱՀԵՇ-ը` աւելցնելով, որ ՏԱՀԵՇ-ը Լիբանանէն արմատախիլ ընելու իմաստով քաղաքական որոշումը առկայ է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի շեշտեց, որ Լիբանանի համար ահաբեկչութիւնը տակաւին հսկայ մարտահրաւէր մըն է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն պետական ամավարկը վաւերացնելու նախքան աշխատավարձի յաւելումները` աւելցնելով, որ տուրքերու օրէնքը որոշ բարեկարգումներու կարիքը ունի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հաստատեց, որ ընտրական նոր օրէնքով իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ իր իրաւունքը պիտի ստանայ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան կեդրոնական խորհուրդը շեշտեց, որ բանակը միակ կողմն է, որ պէտք է ազատագրէ Լիբանանի բարձունքները` աւելցնելով, որ իրենք կը վստահին բանակին կարողութիւններուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ կիներու ազգային խորհուրդի նախագահ Քլոտին Աուն-Ռուքոզ կոչ ուղղեց քաջալերելու կիներուն դերակատարութիւնը` տնտեսական կեանքը բարգաւաճեցնելու առումով:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան գործավար Ուալիտ Պուխարի շեշտեց, որ սէուտական քաղաքականութիւնը յստակ է` բոլորին նկատմամբ բաց ըլլալու եւ իր չափաւորականութիւնը պահպանելու իմաստով:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Եւ Քաթարի Ծովուժերը Ռազմափորձ Պիտի Կատարեն

Յաջորդը

Սարրաֆ Դրուատեց Սալիպայի Դերակատարութիւնը

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.