Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին Ձգողականութիւն Ունի՞ Թրամփի Համար

August 4, 2017
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Պի.Պի.Սի.»-ի Մոսկուայի թղթակից Սթիվ Ռոզենպերկ անդրադարձաւ Փութին-Թրամփ յարաբերութեան:

Ն.

Ժպիտներու ետին շօշափելի ի՞նչ արդիւնք պիտի տայ Փութին-Թրամփ յարաբերութիւնը

Սպիտակ տան մէջ Տանըլտ Թրամփի հաստատուելէն վեց ամիս ետք ռուսերը սկսած են զգալ, որ իրենց երկիրը որոշ առաւելութիւն մը կը վայելէ Միացեալ Նահանգներու վրայ: Եւ ո՞վ կրնայ մեղադրել զանոնք այդպէս խորհելու համար: Յատկապէս` այն պնդումներու եւ լոյսին տակ, որ Քրեմլին համակարգչահէններու յարձակումի ենթարկած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի ընտրութիւնը եւ Ռուսիոյ խամաճիկը տեղադրած` Սպիտակ տան մէջ, եւ ռուս փաստաբաններ, լոպիականներ եւ սակաւապետներ Թրամփի խումբին եւ Թրամփի ընտանիքին հետ դաւադրութիւն կը սարքեն:

Անշուշտ փաստուելիք հարց է, թէ բախում եղա՞ծ է: Բայց նոյնիսկ ատոր մասին նշումը ամբողջ աշխարհի մէջ խօսիլ կու տայ Փութինի Ռուսիոյ հզօրութեան եւ Թրամփի Ամերիկայի տկարութիւններուն մասին:

Ժամանակներ կային, երբ կը թուէր, թէ Վլատիմիր Փութին կը ղեկավարէ վատահամբաւ սայպըր գերպետութիւն մը:Երբ ատիկա սկսաւ, Տանըլտ Թրամփի նախագահութիւնը Մոսկուայի համար շատ վայելուչ թուեցաւ: Ռուսերը ակնկալեցին, որ նոր նախագահը  ռուս-ամերիկեան համագործակցութեան մէջ նոր դարաշրջան մը պիտի աւետէ:

Այդ ատեն Ռուսիոյ պետական պատկերասփիւռի լուրերու հաղորդավարը Տանըլտ Թրամփը նկարագրեց, որպէս` «այր ալֆա մը… իսկական մարդ մը»: Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութենէն օր մը ետք, ռուս պետական պաշտօնատար մը զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ ինք Թրամփի յաղթանակը տօնած է սիկարով եւ շիշ մը  շամփանիայով:

Բայց նախագահ Թրամփի պաշտօնավարութեան առաջին վեց ամիսներէն ետք, Ռուսիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները տակաւին կը մնան: Մոսկուա ասոր համար Տանըլտ Թրամփը ուղղակի չի մեղադրեր: Ռուսական օրաթերթ մը` «Նեզաւիսիմայա Կազեթա» օրաթերթը վերջերս բացատրած է, որ այժմու մթնոլորտին մէջ «Թրամփ ամէնէն փոքր կարելիութիւնը չունի բարելաւելու ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները, քանի որ որեւէ քայլ, նոյնիսկ որեւէ նայուածք դէպի Ռուսիոյ ուղղութեամբ, Ամերիկայի մէջ պիտի դիտուի կասկածով եւ նոյնիսկ ընկալուի իբրեւ դաւաճանութիւն»:

Ռուսիոյ ծերակոյտի անդամ մը դժգոհութիւն յայտնեց, որ ծանր ճնշումը, որ Թրամփ կը դիմակալէ Ռուսիոյ հարցով, կը բարդացնէ ռուս-ամերիկեան դիւանագիտութիւնը: «Թրամփ բանտարկեալի մը նման է:Եւ ինչպէ՞ս կրնաք զրուցել բանտարկեալի մը հետ», ըսաւ ծերակուտականը:

Բայց Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ կը զրուցեն: Վլատիմիր Փութին եւ Տանըլտ Թրամփ տեսակցեցան «Քսաններու» վեհաժողովի ծիրին մէջ: Ու թէեւ յառաջդիմութիւնը Ռուսիոյ ակնկալութենէն դանդաղ է, զգուշաւոր խօսակցութիւն կայ համագործակցութեան. Սուրիոյ մէջ, օրինակ, եւ սայպըր  անվտանգութեան գետնի վրայ:

Թրամփ կը շարունակէ պնդել, թէ ոչ մէկ սխալ բան կայ Ռուսիոյ հետ աւելի սերտ յարաբերութիւններու ձգտելու մէջ: Ըստ անոր, ատիկա կը բխի Ամերիկայի շահերէն: Եւ մինչ Միացեալ Նահանգներու նախագահը եւ Ամերիկայի արեւմտեան դաշնակիցները յաճախ կը թուի, թէ զանազան հարցերու շուրջը խոր տարակարծութիւններ ունին, ըստ երեւոյթին, Տանըլտ Թրամփ մագնիսական ձգողականութիւն մը ունի  դէպի Վլատիմիր Փութինը: Արդարեւ, Թրամփ հրապարակաւ դրուատած է Քրեմլինի ղեկավարը: Տակաւին Ռուսիա ստուեր կը ձգէ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին վրայ: Տանըլտ Թրամփի համար ասիկա կրնա՞յ ճակատագրական ձգողականութիւն մը ըլլալ:

Նախորդը

Տարօն Եւ Տարօնցիք (Տարօն-Տուրուբերանի Հայրենակցական Միութեան 100-ամեակին Առիթով

Յաջորդը

Թրամփ. Կէս Կատակ Կէս Լուրջ. «Իմ Քանդակս` Ռաշմոր Լերան Վրայ»

RelatedPosts

Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի
Մշակութային եւ Այլազան

Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի

October 16, 2026
Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է

October 9, 2026
Պատերազմները Դադրեցնել, Փրկել Գետերը
Մշակութային եւ Այլազան

Պատերազմները Դադրեցնել, Փրկել Գետերը

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.