Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նաքուրայի Եռակողմանի Նիստ. «Կասեցնել Լիբանանեան Գերիշխանութեան Դէմ Իսրայէլեան Ոտնձգութիւնները»

August 2, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան տօնին առիթով ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերի յայտնեց, որ ինք հպարտ կը զգայ լիբանանեան բանակին հետ գործակցելուն համար: Զօր. Պերի հաստատեց, որ բանակը Լիբանանի ապահովութեան հիմնաքարն է` աւելցնելով, որ շրջանային իրադարձութիւններն ու զարգացումները մեզի կը յիշեցնեն այն դժուարութիւնները եւ մարտահրաւէրները, որոնք պէտք է դիմագրաւուին բանակին կողմէ` պահպանելու համար երկրին կայունութիւնը:

Ան նշեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական իրավիճակը շատ տարբեր է 2006-ին տիրած կացութենէն:

Նշենք, որ նախանցեալ օր Ռաս Նաքուրայի ՖԻՆԻՒԼ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ եռակողմանի զինուորական հանդիպում մը` լիբանանցի եւ իսրայէլացի սպաներու, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ, նախագահութեամբ զօր. Պերիի:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու կարեւորութիւնը եւ վերջին շրջանին իսրայէլեան օդուժին կողմէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւնները, սահմանային Կապոյտ գիծի խախտումները, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Ղաժարէն իսրայէլեան ուժերու հեռացման հարցը:

Լիբանանեան բանակը պահանջեց իսրայէլեան ուժերուն կողմէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւններուն կասեցումը:

Զօր. Պերի լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերուն վերյիշեցուց ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ զինուորական ուժ չկիրարկելու անհրաժեշտութիւնը` պահպանելու համար տասնամեայ սահմանային խաղաղութիւնը:

Ան հաստատեց, որ սահմաններուն ապահովական կայունութեան պահպանումը երկու կողմերուն պատասխանատուութիւնն է:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Բանակը «Սեսնա»-ներով Եւ «Հելֆայըր»-ներով Պիտի Մաքրագործէ ՏԱՀԵՇ-ը

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.