Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն դատապարտեց Միջազգային դաշինքին մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Պրեթ ՄքԿըրքի կատարած ակնարկութիւնը, որ կը վերաբերի Թուրքիոյ անունը Իտլիպի մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներու կապելուն: Ան նշեց. «Թուրքիան չի տիրեր սուրիական Իտլիպին եւ զայն ու այդտեղ գտնուող ուժերուն չի վերահսկեր, իսկ այդ տարածքին մէջ ուժեր ունեցողները Ամերիկան ու Ռուսիան են»:
«Թուրքիան նոյն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի իրաքցի ժողովուրդի բոլոր տարրերէն` սիւննիներէն, շիիներէն, թուրքմեններէն, քրիստոնեաներէն եւ եզիտիներէն», ըսաւ Քալըն:
Թուրքիոյ նախագահական բանբերը նաեւ շեշտեց, որ իր երկիրը կը մերժէ Աքսայի մզկիթին մէջ կատարուած իսրայէլեան վերջին քայլերը, որոնց իբրեւ հետեւանք արձանագրուեցան զոհեր ու վիրաւորներ:



