Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զահլէի Մէջ. Պասիլ Կ՛անդրադառնայ Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն, Տուրքերուն Եւ Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարին

July 31, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ այցելեց Զահլէ:

Քսարայի մէջ գտնուող մարոնի համայնքի առաջնորդարանէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Պասիլ մաղթեց, որ ընտրական նոր օրէնքին միջոցով կարելի ըլլայ իրականացնել ժողովուրդին ակնկալած փոփոխութիւնը:

Ան նշեց, որ ընտրական նոր օրէնքը դիւրին է եւ ոչ թէ բարդ:

Պասիլ նկատել տուաւ, որ ժողովուրդին համար դժուար սորվելիք ոչինչ կայ` աւելցնելով, որ ընտրական օրէնքին մանրամասնութիւնները սորվելու եւ գործադրելու իմաստով պատասխանատու են ընտրական մեքենաներն ու քաղաքական ուժերը:

Ան նշեց, որ Լիբանանի մէջ բոլոր համայնքները փոքրամասնութիւններ են:

Պասիլ այցելեց նաեւ յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդարանը, ուր խօսք առնելով շեշտեց, որ ոչ ոք կրնայ մարդկային իրաւունքները պատճառաբանելով արգիլել  մեր բանակը` ահաբեկչութիւնը հետապնդելէ եւ անձնասպանական գործողութիւններու հեղինակները ձերբակալելէ:

Պասիլ ընդգծեց, որ մարդկային իրաւունքներու անունով ոչ ոք կրնայ արգիլել Դիմադրութիւնը եւ անոր գոյութիւնը:

Նշենք, որ Զահլէի մէջ Պասիլ բացումը կատարեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան գրասենեակին` ներկայութեամբ մարոնի համայնքի առաջնորդ Իսամ Տարուիշ եպիսկոպոսին եւ պետական ու բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու:

Պասիլ այցելեց նաեւ Քուսայայի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ուր ելոյթ ունենալով շեշտեց, որ եթէ Պեքաայի մէջ գտնուող իւրաքանչիւր գիւղաքաղաքի մէջ ազգային միասնականութիւնը խզուէր, ապա երկրին արտաքին սահմանները կրնային խախտուիլ, իսկ ներքին միասնականութիւնը կրնար երկփեղկուիլ:

 

 

Նախորդը

Մաթար. «Հըզպալլայի Մարտիկները Բանակին Պիտի Յանձնեն Քաայի Հիւսիսարեւելեան Շրջանի Իրենց Կեդրոնները»

Յաջորդը

Դիմադրութեան Եւ Ժապհաթ Նուսրայի Միջեւ Գերիներու Փոխանակման Առաջին Փուլը Աւարտեցաւ. Երկրորդը` Այսօր

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.