Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք համաձայն է մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւններու յետաձգման: «Ակեղծօրէն, մասնակի ընտրութիւններով խանդավառ չենք», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Ժապհաթ Նուսրայի տապալումին` Ժահժահ յայտնեց, որ այդ իրականութեան արդիւնքները ընդհանուր առմամբ դրական են` աւելցնելով սակայն, որ Լիբանանի դիմագրաւած հիմնական հարցը իսկական պետութեան վերականգնումին արձանագրած յապաղումն է:
«Այնքան ատեն որ Հըզպալլա այս ձեւով ներկայ է, ապա անկարելի է լիբանանեան հզօր եւ իսկական պետութիւն մը հիմնել», շեշտեց ան:
Արսալի բարձունքներուն ազատագրումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ժահժահ նշեց, որ եթէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա կը փափաքի Լիբանանի համար բարիք գործել, ապա իր զէնքը կրնայ նուիրել լիբանանեան բանակին` բաւարարուելով միայն քաղաքական գործունէութեամբ:
Ժահժահ բարձր գնահատեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի Միացեալ Նահանգներ կատարած այցելութիւնը եւ անոր ունեցած հանդիպումները` շեշտելով, որ ան Հըզպալլայի մասին զուսպ էր իր արտայայտութիւններուն մէջ` պահպանելու համար Լիբանանի ներքին անդորրը:



