Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բաբլոյեան Բարձր Գնահատած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման Հարցով Արժանթինի Պաշտօնական Տեսակէտը

July 27, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան 26 յուլիսին ընդունած է Հայաստանի մէջ Արժանթինի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Կոնզալօ Ուրիոլապէիտիան:

Խորհրդարանի ղեկավարը, ողջունելով դեսպանը, բարձր գնահատած է  բարեկամ Արժանթինի հետ յարաբերութիւններու առկայ մակարդակը:

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը միջխորհրդարանական յարաբերութիւններու ընդլայնման շրջագիծին մէջ կարեւոր նկատած է երկու երկիրներու օրէնսդիր մարմիններու, ինչպէս նաեւ բարեկամական խումբերու արդիւնաւէտ համագործակցութիւնն ու փոխադարձ այցելութիւնները: Արա Բաբլոյեան նշած է, որ այս խորհրդարանին մէջ արդէն կազմուած է Հայաստան-Արժանթին բարեկամական խումբ, որ պիտի շարունակէ  ղեկավարել Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Էդուարդ Շարմազանովը:

Խորհրդարանի ղեկավարը բարձր գնահատած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցով Արժանթինի պաշտօնական տեսակէտը, ինչ որ համահունչ է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու դիրքորոշումին հետ` ընդգծելով, որ Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումը կը տեսնէ բացառապէս խաղաղ բանակցութիւններու ծիրին մէջ:

Կոնզալօ Ուրիոլապէիտիա, շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար, շնորհաւորած է Արա Բաբլոյեանը Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուելուն առիթով: Դեսպանը յոյս  յայտնած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ ձեւաւորուած աւանդական բարեկամական յարաբերութիւնները կը շարունակեն աւելի ընդլայնիլ:

Հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահն ու դեսպանը քննարկած են հոկտեմբերին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունենալիք Միջխորհրդարանական միութեան վեհաժողովի շրջագիծին մէջ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու հանդիպման ու համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Զրուցակիցները կարեւոր նկատած են հայ համայնքի դերն ու աւանդը հայ-արժանթինեան կապերու զարգացման գործին մէջ:

Քննարկուած են նաեւ Հայաստանի եւ Արժանթինի միջեւ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման եւ տարբեր մարզերու մէջ փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւնները:

 

Նախորդը

Դիմադրութիւնը Ազատագրեց Արսալի Բարձունքներուն 93 Առ Հարիւրը, Իսկ Մնացեալ 7 Տոկոսին Ազատագրումը Լիբանանեան Բանակին Պատասխանատուութիւնն Է

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Զգուշացնէ Ազրպէյճանի Զինուորական-Քաղաքական Ղեկավարութիւնը

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.