Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին աստղ եւ խմբապետ Հասան Մաաթուք երէկ պաշտօնապէս միացաւ Նըժմէին` մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով անոր հետ, փոխան 365 հազար ամերիկեան տոլարի:
Ան Նըժմէին միացաւ լքելէ ետք իր ակումբը Ֆուժէյրան (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ), նկատի ունենալով, որ չկրցաւ լաւ կապ մը ունենալ ակումբին նոր մարզիչին` արժանթինցի Տիեկօ Մարատոնայի հետ:
30 տարեկան Մաաթուք 2005-էն 2011 մաս կազմած է Ահտի, նախքան ելոյթ ունենալը Աժման, Շահըպ, Իմարաթ եւ Ֆուժէյրա խումբերուն հետ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ):
Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին համար Նըժմէ կրցած է լաւ խումբ մը պատրաստել:
Անիկա վերջին շրջանին իր կազմին միացուց բերդապահ Ապպաս Հասանը, Ալի Պազզէն (Նեպի Շիթէն), Համզա Ապպուտը (Անսարէն), ինչպէս նաեւ երկարաձգեց պայմանագրութիւնը սուրիացի Ապտել Ռազզաք Հիւսէյնի հետ: Նըժմէ վերստին իր կազմին միացուց Մոհամետ Ժաաֆարը եւ Հասան Քատին, որոնք յաջորդաբար փոխ տրուած էին Ռասինկի եւ Սալամ Զղարթայի:
Նըժմէ պայմանագրութիւն մը կնքեց նաեւ Ալի Սալմանի հետ (Սահել, Քուէյթ):



