Հայրենի կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային մրցաշարքի մը, արձանագրելով բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ եւ ապահովելով 7,5 կէտ, գրաւեց երկրորդ դիրքը` կէս կէտով միայն ետ մնալով տիտղոսակիր Ֆեռնանտեզ Ֆերնանտոյէն (Փերու):
«Սենթ Մարթի-2017» ճատրակի այս մրցաշարքին, որ տեղի կ՛ունենար 19-րդ անգամն ըլլալով, իրենց մասնակցութիւնը բերած 162 ճատրակ խաղացողներէն 11-ը կրանտմասթըրներ էին:
Վերջերս Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցած «Պարպերա Օփըն»-ին Գրիգորեան դարձեալ գրաւած էր երկրորդ դիրքը:



