Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Քննարկեց Ցեղասպանութիւն Եզրոյթը Արգիլող Օրէնքներու Ծրարը

July 26, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ սահմանադրական յանձնախումբին կողմէ ընդունուած, խորհրդարանի ներքին կանոնակարգին մէջ փոփոխութիւններ նախատեսող օրէնքներու ծրարը, որ պիտի արգիլէ խորհրդարանին մէջ բարձրաձայնել Հայոց ցեղասպանութեան մասին, քննարկումի դրուած է խորհրդարանի լիագումար նիստին: Ըստ «Արմէնփրես»-ի այս մասին յայտնած է թրքական «Տիքեն» գործակալութիւնը:

Ծրարին դէմ հանդէս եկող քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան երեսփոխան Էօզկիւր Էօզել` մօտենալով ամպիոնին` ի նշան բողոքի զայն ծածկած է սեւ կտորով: Երեսփոխանը յայտարարած է, որ ներկայացուող առաջարկը հակասահմանադրական է: «Դուք այս առաջարկով կը խլէք երեսփոխաններու խօսքի ազատութիւնը: Ասիկա խորհրդարանը 250 տարի ետ պիտի տանի», յայտարարած է երեսփոխանը:

Ներքին կանոնակարգի մասին օրէնքներու ծրարին քննադատութեամբ հանդէս եկած են նաեւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխանները: Միթհաթ Սանճար նշած է, որ ներկայացուող առաջարկը ունի երկու նպատակ. «Առաջինը` խորհրդարանին մէջ ընդդիմութիւնը չէզոքացնելն է, առանց ընդդիմութեան խորհրդարան ստեղծելը: Երկրորդ նպատակը` միաձայն խորհրդարան եւ հետեւաբար միաձայն հասարակութիւն ստեղծելը»:

Խորհրդարանի ներքին կանոնակարգին մէջ փոփոխութիւններ նախատեսող օրէնքներու ծրարին պաշտպանութեամբ հանդէս եկած են իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը եւ անոր հետ համագործակցող Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի սահմանադրական յանձնախումբին ներկայացուած օրէնքներուն ծրարը կ՛ենթադրէ պատիժ սահմանել այն երեսփոխաններուն դէմ, որոնք կը վիրաւորեն «թուրք ազգի պատմութիւնն ու համատեղ անցեալը»: Իբրեւ «վիրաւորանք» պիտի ընկալուի «1915 թուականի դէպքերուն մասին» խօսելու ժամանակ «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրոյթին օգտագործումը: Արգելքը պիտի վերաբերի նաեւ խորհրդարանի ամպիոնէն «Քիւրտիստան», «քրտական նահանգներ» եզրոյթները հնչեցնելուն:

 

Նախորդը

Դիմադրութիւնը Աւելի Եւս Սեղմած Է Ժապհաթ Նուսրայի Ահաբեկիչներուն Շրջափակման Օղակը. Լիբանան Կը Պատրաստուի Տօնելու Յուլիսեան Այլ Յաղթանակ Մը

Յաջորդը

Պոլսահայ Մտաւորական Սեւան Նշանեան Կը Ծրագրէ Յունաստան Ապաստանիլ

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.